image

Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ հրաժարելու Հայութեան իրաւունքներէն. ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ հրաժարելու Հայութեան իրաւունքներէն. ՀՅԴ   Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան հերթական տարելիցի նախօրեակին, կանգնած ենք նոր գոյաբանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման։ Մեր անժամանցելի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը այսօր աւելի քան երբեք վերանորոգելու անհրաժեշտութիւն կայ։

Վերջին քանի մը տարիներուն, նոր թափ ստացած են թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի (լծակից զոյգի) թշնամական ոտնձգութիւնները Հայաստանի եւ հայութեան դէմ։ Ակնյայտ է, որ հետեւողականօրէն թելադրուող շարք մը նախապայմաններէն է նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հետապնդելէն հրաժարելու պահանջը։

Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները արդէն իսկ անթաքոյց կերպով սկսած են յառաջ մղել թրքական ժխտողական մօտեցումները։ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, օրերս կատարուեցան յայտարարութիւններ, որոնք մինչեւ այսօր յառաջ մղուած են պաշտօնական Անգարայի կողմէ եւ կը հանդիսանան բացառապէս թրքական թէզեր: ՔՊական իշխանութեան այս դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի տակ դնելուն միտուած անհանդուրժելի քայլ է։

Իր հերթին, երկրի քաղաքական առաջին դէմքը իր սեփական ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ Մեծ Եղեռն, փաստացի հրաժարելով այն իրաւաքաղաքական գնահատականէն, որ հաստատուած է հայ եւ օտար պատմաբաններու եւ ցեղասպանագէտներու կողմէ եւ ընդունուած ու դատապարտուած է ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի, շարք մը այլ միջազգային ատեաններու, բազմաթիւ երկիրներու, որոնց կարգին՝ գերտէրութիւններու խորհրդարաններու եւ կառավարութիւններու ու պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ:

Այս նոյն պարունակին մէջ, փորձ կը կատարուի իրարու հակադրել պատմական ու իրական Հայաստանը, մեր անցեալն ու ներկան, հայրենիքն ու պետութիւնը։

Ակնյայտ է, որ ՔՊական իշխանութեան դրսեւորած այս ժխտողական կեցուածքը հետեւողական շարունակութիւնն է թուրք-ատրպէյճանական պարտադրանքներուն դիմաց տեղի տալու որդեգրուած քաղաքականութեան:

Իբրեւ թէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող, խաղաղութեան հասնելու ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու այս վարքագիծը ոչ միայն պիտի չնպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, այլ նաեւ պիտի վաւերացնէ ուժի, կամ ուժի սպառնալիքով հարցեր լուծելու նախընթացը, բան մը, որ կը հակասէ միջազգային օրէնքին։

Յատկանշական է, որ այս դատապարտելի քաղաքականութիւնը կ՛իրականացուի այն պայմաններուն տակ, երբ Անգարա-Պաքու առանցքը ցեղասպանութիւն գործադրեց Արցախի հայ բնակչութեան նկատմամբ եւ ցեղային զտումի ենթարկեց Արցախը: Նոյնինքն այս պահուն ալ Ատրպէյճան կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ, այդ նոյն ձեռագիրով, որմով Թուրքիա հայկական հետքերը տասնամեակներէ ի վեր կը վերացնէ Արեւմտահայաստանի մէջ:

Կասկած չկայ, սակայն, որ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, վճռականօրէն տէր է իր արդար իրաւունքներուն, եւ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ հրաժարելու այդ իրաւունքներէն։

 

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

23 Ապրիլ, 2024