Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Միւնիխի հայ համայնքի հետ ունեցած հանդիպման յայտարարութիւններուն եւ շեշտած սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցը։
«Գալով Վարչապետի [Նիկոլ Փաշինեանը] այն յայտարարութեան, ըստ որու՝ Ղարաբաղի ինքնորոշման հարցը միջազգային հանրութեան շրջանակի կողմէ աջակցութիւն չէ ստացած, կը նշանակէ, որ վարչապետը Ատրպէյճանի տարածքներու հանդէպ ունեցած պահանջները ոչ թէ անհիմն կը համարէ, այլ ատոնց ընթացք տալն անիմաստ կը գտնէ, քանի որ այն չարժանանար միջազգային հանրութեան աջակցութեան։
Սա յաւելեալ անգամ կ՚ապացուցէ Հայաստանի տարածքային յաւակնութիւնները Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Այդ տեսանկիւնէ անհրաժեշտութիւն է, որ Հայաստանը իր Սահմանադրութեան եւ իրաւական գիրերուն մէջէն հանէ մեր [Ատրպէյճանի] դէմ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահանջներ ենթադրող կէտերը», -յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ան դարձեալ մեղադրած է հայկական կողմը 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները չկատարելու մէջ եւ ըսած հետեւեալը․ «Հայաստանեան կողմը պէտք է հասկնայ, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ճանապարհը տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչման սկզբունքներով յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան հաստատման համար Ատրպէյճանի հետ ուղիղ կառուցողական բանակցութիւններն են։