image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ. Վերջին դասերը 3 Յունիսին

Հայաստանի մէջ. Վերջին դասերը  3  Յունիսին

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին հրամանով հաստատուած հանրակրթական հիմնական ընդհանուր, մասնագիտացուած եւ յատուկ պետական ծրագրեր իրականացնող ուսումնական հաստատութիւններու 2021-2022 եւ 2022-2023 ուսումնական տարիներու օրինակելի ուսումնական ծրագրերում կը սահմանուի նաեւ ուսումնական տարուայ աւարտի ժամկէտը: 

Հաշուի առնելով, որ աշնանային արձակուրդը մէկ շաբաթով երկարաձգուած էր` ուսումնական ծրագրով կատարուած փոփոխութեամբ 2021-2022 ուսումնական տարին պիտի աւարտի 2022 թուականի Յունիս 3-ին` 5-օրեայ աշխատանքային շաբթուայ պարագային, եւ Յունիս 6-ին` 6-օրեայ աշխատանքային շաբթուայ պարագային:

Այսպիսով` ուսոպմնական տարուայ ընթացքին պիտի ապահովուի առնուազն 30 ուսումնական շաբաթ` 1-ին, 32` 2-րդ եւ 34` 3-12-րդ դասարաններուն համար: