image

Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանը դէմ է Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներուն

Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանը դէմ է Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներուն

Հայաստանի մէջ Գանատայի նորանշանակ դեսպան  Էնտրիւ Թըրնըր պատասխանելով Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Հիտըր Մաքփերսընի՝ Ատրպէյճանի դէմ հնարաւոր պատժամիջոցներու վերաբերեալ հարցին՝ նշած է, թէ վտանգ կայ, որ պատժիչ գործողութիւնները կրնան խաթարել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու ջանքերը:

«Պատժամիջոցներու ընդունումը հիմա կրնայ խաթարել խաղաղութեան ուղղուած շարունակական ջանքերը։ Չնայած, մենք չենք տեսած, որ որեւէ մէկը բռնէ պատժամիջոցներու ուղին, մենք տեսանք յայտարարութիւններ Ֆրանսայէն, օրինակ, ռազմական աջակցութեան հնարաւորութեան մասին, եւ այդ ստիպեց Ատրպէյճանին դուրս գալ ծրագրուած միջազգային հանդիպումներէն եւ քննարկումներէն, որոնք կրնային նպաստել խաղաղութեան հաստատման գործընթացին», -ըսած է Էնտրիւ Թըրնըր: