Սոյն թուականի 5 փետրուարին, տեղական ժամանակով ժամը 19:36-ին (Կրինիչի ժամանակով 15:36-ին) ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.53⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 45.32⁰ աշխարհագրական չափագրումներով՝ Հայաստան Շորժա գիւղէն 5 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 4.7 զօրութեամբ երկրաշարժ:
Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 աստիճան:Այս մասին հաղրոդագրութիւն տարածած է ՀՀ ԱԻ նախարարի տեղակալ Արմէն Փամբուխչեանը։
Երկրաշարժը զգացուած է` Գեղարքունիքի մարզի մէջ 5-6 աստիճան ուժգնութեամբ, Կոտայքի Տաւուշի, Լոռիի եւ Արարատի մարզերու բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ 4-6 աստիճան ուժգնութեամբ Երեւան քաղաքին մէջ 3 – 4 աստիճան ուժգնութեամբ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել