image

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նորանշանակ դեսպանը այցելած է Լաչինի Միջանցքի սկիզբի հատուած

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նորանշանակ դեսպանը  այցելած է  Լաչինի Միջանցքի սկիզբի  հատուած

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Քրիսթինա Քուին Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանի հետ այցելած է Լաչինի միջանցքի սկիզբի մասը։ Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ դեսպանութիւնը։

«Դեսպան Քուին այցելեց Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս, որ շուրջ երեք ամիսէ փակ է բնականոն երթեւեկութեան համար։ Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան դեսպան Քուինին ներկայացուց Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքներն ու անոր ազդեցութիւնը հարիւրաւոր մասնատուած ընտանիքներու վրայ։ Մարզպետ Ղուկասեան նաեւ անդրադարձաւ շրջափակման հետեւանքով տուժածներուն պետութեան  կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան։

Դեսպան Քուին կրկնեց Լաչինի միջանցքն անյապաղ վերաբանալու մասին պետական քարտուղար Պլինքընի կոչը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։