image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի կառավարութիւնը տեղեակ չէ...

Հայաստանի կառավարութիւնը տեղեակ չէ...

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը տեղեակ չէ, թէ խաղաղութեան ինչ պայմանագրի մասին կը խօսի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Այդ մասին յայտնած է ՀՀ կառավարութիւնը՝ «Հետք» կայքի կողմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղած հարցմանն ի պատասխան։ 

Յիշեցնենք, որ այս տարուան 22 Յհուլիսին, ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի ժամանակ, Իլհամ Ալիեւը յայտարարած էր, թէ ատրպեճանական կողմը Հայաստանին առաջարկած է սկսիլ սահմանազատման բանակցութիւններ եւ կնքել խաղաղութեան պայմանագիր։ «Մենք Հայաստանին օրակարգ ուղարկած ենք` խաղաղութեան պայմանագիր: Թող ըսեն, որ չեն ուզեր, թող հրաժարին: Ես իմ կողմէս բազմիցս ըսեր եմ, հիմա ալ կը կրկնեմ` Ատրպէյճանը պատրաստ է այս հարցի շուրջ բանակցութիւններու: Պատերազմը աւարտած է, կ'ուզէ՞ք խաղաղութիւն, կարծես թէ` այո, ուրեմն` ճանչցէք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, թող ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր եւ լուծուի սահմանազատման հարցը»,- յայտարարած էր Ալիեւը։

Աղբիւրը մեկնաբանած է, որ Ալիեւի յայտարարութենէն կը ստացուի, որ արդէն իսկ գոյութիւն ունի Ատրպէյճանի կողմէ մշակուած խաղաղութեան փաստաթուղթի նախնական տարբերակ, հաւանաբար ռուսական եւ թրքական կողմերու ներգրաւուածութեամբ, որ ուղարկուած է հայկական կողմին քննարկման համար։ ՀՀ կառավարութիւնը, փաստօրէն, կը հերքէ նման փաստաթուղթի գոյութիւնը։

»Հետք»ը կը գրէ, որ սա կարելի էր համարել Ատրպէյճանի նախագահի հերթական ռազմատենչ յայտարարութիւնը, եթէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն իր հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ չհրապարակեր հանգամանք մը, որ մինչ այդ անյայտ էր եւ չէր բարձրաձայնուած որեւէ մակարդակով։ Մասնաւորապէս, ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան 28 Յուլիսի հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ, որ կը վերաբերէր հայ-ատրպեճանական շփման գիծի Սոթք-Վերին Շորժա հատուածին մէջ ընթացող մարտերուն, նշուած է. «Հակառակորդը, ՌԴ մայրաքաղաք Մոսկուայում նախատեսուող բանակցութիւններից առաջ, նախայարձակ մարտական գործողութիւններ է սկսել ՀՀ սահմանների վրայ` Սոթքից մինչեւ Վերին Շորժա հատուածում։ Ծաւալուել են մարտական գործողութիւններ, ընթանում է ինտենսիւ փոխհրաձգութիւն»։