image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ԱԽ քարտուղարները քննարկած են Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ԱԽ քարտուղարները քննարկած են Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը

Այսօր՝ նոյեմբեր 5-ին, Մոսկուայի մէջ հանդիպած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներ Արմէն Գրիգորեանն ու Սերկէյ Շոյկուն։

Լրատուամիջոցի հաղորդմամբ՝ Գրիգորեանը Շոյկուին տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակի մասին մանրամասնութիւններ յայտնած է։

Շոյկուն իր խօսքին մէջ նշած է, որ Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը մշտական ուշադրութիւն կը պահանջէ։

«Վերջին իրադարձութիւններու, Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած տարբեր զարգացումներու վերաբերեալ ամէն ինչ կը պահանջէ մեր մշտական ​​ուշադրութիւնը եւ խորհրդակցութիւնները», –ըսած է Շոյկուն։

Գրիգորեանը վստահեցուցած է, որ պատրաստ է մանրամասնութիւններ բաժնեկցիլ տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակի մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր հանդիպման հնարաւորութեան համար։

Այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու հանդիպում, որու շրջանակներու մէջ Շոյկուն քանի մը առանձին երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի իր գործընկերոջ հետ։