19 ապրիլ, 2024-ին ստորագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի 8-րդ հանդիպման արձանագրութեան համապատասխան՝ Յանձնաժողովներն աւարտած են համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի համաձայնեցման աշխատանքը:
Ինչպէս յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն, 30 օգոստոս 2024-ին, Յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգը համապատասխան կերպով ստորագրուած է: Ներկայ պահուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը սկսած են ներպետական ընթացակարգերու իրականացումը։