Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձի առիթով։ Շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Յարգելի Նիկոլ Վովայի,
Ընդունեցէք շնորհաւորանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առթիւ։
Ռուս-հայկական բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր համարկման միաւորումներու ծիրերէն ներս կառուցողական փոխգործակցութիւնը, անկասկած, կը համապատասխանեն մեր ժողովուրդներու հիմնարար շահերուն։
Կը մաղթեմ Ձեզի առողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն՝ երջանկութիւն եւ բարեկեցութիւն»։