Ատրպէյճանը կը շարունակէ բացայայտ տարածքային յաւակնութիւններ ներկայացնել Հայաստանին։
Այս անգամ «աչքի ինկած է» «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի կառավարման» ոմն անդամ Նազիմ Մուսթաֆան։ Խօսքը Հայաստանի Սիւնիքի մարզի մասին է։ Յատուկ տարածքային յաւակնութիւններու «արդարացման» համար տիտղոս յորինուած է։
«Եթէ հայկական համայնքը այսօր կ'ապրի Ղարաբաղի տնտեսական գօտիին մէջ եւ Ատրպէյճանի պետութիւնը, ինչպէս եւ անոր քաղաքացիները, կ'երաշխաւորեն հայերու անվտանգ կեցութիւնը, Հայաստանը նոյնպէս պէտք է ճանչնայ Արեւմտեան Ատրպէյճանէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու իրաւունքը՝ ապրելու ամփոփ տարածքի մէջ, եւ երաշխաւորէ անոր անվտանգութիւնը»,-յայտարարած է Նազիմ Մուսթաֆան։
Յայտարարութիւնը «ամրագրելու» համար նշեալ անյայտ համայնքի սոյն «ղեկավարը» յօրինուած թիւեր ներկայացուցած է՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնը։ Ալիեւ 24 դեկտեմբերին հերթական անգամ հնչեցուցած էր տարածքային յաւակնութիւններ Հայաստանի հանդէպ։ «Այս հարցը մեր օրակարգին վրայ է հիմա, ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումէն ետք։ Ի հարկէ, այդ մասին մինչեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումը խօսիլը, թերեւս, վաղ էր։ Բայց այսօր, իմ կարծիքով, մենք պէտք չէ ժամանակ կորսնցնենք։ Պէտք է պատրաստուի Վերադարձի հայեցակարգ։ Եւ նորէն՝ այդ հայեցակարգը, ինչպէս կ'ըսեն, պէտք է խաղաղասիրական ըլլայ։ Մենք պէտք է վերցնենք միջազգային համաձայնագրերու մեզի համար ընդունելի դրոյթները եւ ատոր հիման վրայ պահանջենք մեր իրաւունքները։ Վերադարձի հայեցակարգը պէտք ըլլայ»,-ըսած է Ալիեւ։
Թէ ինչպէս «Ատրպէյճանական պետութիւնը կ'երաշխաւորէ հայերու անվտանգ կեցութիւնը»՝ վառ կերպով կ'ապացուցէ այն, ինչ տեղի կ'ունենայ Լաչինի միջանցքին մէջ. Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ուղարկած կեղծ բնապահպանները իրականութեան մէջ զինուորականներ են եւ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներ, որոնք երկու շաբաթ է փակած են ճանապարհը։ Երկու շաբաթ Արցախ չեն մտներ սննդամթերքներ եւ դեղորայք, ճանապարհներուն հազարաւոր մարդիկ, այդ շարքին երեխաներ մնացած են։