image

«Հայաստան Հասնող Գաղթական Եզիտիները Արցախ Բնակեցնելու Ծրագիր Չկայ» «Արեւելք»ին Ըսաւ Պորիս Մուրազի

«Հայաստան Հասնող  Գաղթական Եզիտիները Արցախ Բնակեցնելու Ծրագիր Չկայ» «Արեւելք»ին Ըսաւ Պորիս Մուրազի

Հայաստան- «Համացանցի վրայ  մեր ըրած  կոչէն  ետք բաւականին օգնութիւն եկաւ, կրնամ ըսել, որ  արձագանքը  գոհացուցիչ էր: Մեր հայ ընկերները  օգնութիւններ   բերին: Հասարակական կազմակերպութիւնները  նոյնպէս մեծ թիկունք կանգնեցան մեզի».-  «Արեւելք»ին   յայտնեց ՝ Պորիս Մուրազին: Մուրազի, որ «Սինճար-Եզիտիներու  ազգային  միաւորման»     նախագահն է ըսաւ,  որ Հայաստանի իշխանութիւնները   նոյնպէս կարեւոր նեցուկ կը տրամադրեն    գաղթական դարձած եզիտիներուն: Մեր հարցումին, թէ արդեօ՞ք     ծրագիր կայ    եզիտիները    Արցախի մէջ վերաբնակեցնելու  Մուրազի պատասխանեց ո՛չ  նշելով, որ .- «Մենք որպէս եզիտիներ Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան գործին   մասնակցած ենք  , բայց այստեղ խնդիրը այլ է, ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ, որ Ազրպէյճանը եւս իսլամական պետութիւն է, անգամ վերջին շրջանին հայ զինծառայողներու նկատմամբ  բարբարոսութիւններ   կ'իրականցնէ եւ հայ գերիներու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունք   կը  դրսեւորէ   եւ  այդ առումով որեւէ մէկ տարբերութիւն չի ներկայացներ իսլամական պետութենէն  (ISIS  -Խմբ. «Արեւելք»-)ուստի   այդ գաղթականները մէկ հակամարտութեան գօտիէն  հանելով այլ հակամարտութեան գօտի տանիլը  կը կարծեմ նպատակայարմար չէ եւ ճիշդ չէ: Իմ համոզմումքով, Հայաստանի հանրապետութեան ցանկացած եզիտի քաղաքացի պարտաւոր է մասնակցիլ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան, բայց այս մարդիկ մէկ հակամարտութենէն հազիւ փրկուած  են եւ  հետեւաբար անիմաստ է զանոնք   տանիլ այլ հակամարտութեան».  Եզրակացուց՝  Պորիս Մուրազի:   Մուրազի  յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն  եւս   կը սպասուի, որ նոր   գաղթականներ  Հայաստան հասնին եւ անոնց թիւը կրնայ ըլլալ առաւելագոյնը 5-էն    7 հազարի   միջեւ: Յիշեցնենք, որ  օրեր առաջ  Իրաքի քիւրտիստանէն Հայաստան հասած են շուրջ   20 եզիտիներ: Անոնք  գտնուելով ծանր իրավիճակներու մէջ (Տհոք շրջան)    որոշած են Հայաստան հաստատուիլ: Նշենք  նաեւ, որ մինչեւ այս պահը  Իրաքի  մէջ եղող   եզիտիներու գլխաւոր բանակավայր համարուող Սինճար լեռն ու  անոր շրջակայքը կը շարունակեն մնալ    ISIS  ահաբեկչկան խմբաւորման տիրապետութեան տակ  ու  այդ պատճառով մեծ  թիւով  եզիտիներ       ստիպուած եղած են շրջանէն հեռանալով    Իրաքի  Քիւրտիստանի տարբեր  քաղաքները հասատուիլ: