image

«Հայաստան» դաշինքը երկու ամիսով յետաձգեց հայ-թրքական յարաբերութեանց վերաբերեալ յայտարարութեան քննարկումը

«Հայաստան» դաշինքը երկու ամիսով յետաձգեց հայ-թրքական  յարաբերութեանց վերաբերեալ  յայտարարութեան  քննարկումը

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը 2 ամիսով յետաձգեց ՀՀ-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին յայտարարութեան քննարկումը: Այս մասին այսօր ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նիստին յայտնեց պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը` առաջարկելով յետաձգել հարցին քննարկումը` նախագծի լրամշակման նպատակով:

Ռուստամեանը յիշեցրեց, որ յայտարարութեան նախագիծը ընդդիմադիր խմբակցութիւնը ներկայացուցած էր ԱԺ–ի քննարկման, բայց լսումները տապալուած են, քանի որ, ԱԺ աշխատակազմի մեկնաբանմամբ, տեխնիկական խնդիրներու պատճառով հնարաւոր չէր ապահովել նիստին ուղիղ հեռարձակումը: