image

Հայաստան- Ատրպէյճան վերջին համաձայնութեան առընթեր՝ Իրանէն դրական արձագանգ

Հայաստան- Ատրպէյճան վերջին համաձայնութեան  առընթեր՝ Իրանէն  դրական  արձագանգ

Մենք կը յարգենք սահմանազատման յանձնաժողովներու նիստին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Նասեր Քանաանին, հաղորդած է իրանեան Irna գործակալութիւնը։

«Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է շարունակել սահմանային խնդիրները լուծելու կողմերու ջանքերը՝ հիմնուելով խաղաղ մեթոդներու վրայ եւ երկու երկիրներու կողմէ իրար ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի շրջածիրէն ներս»,-ըսած է Քանաանին։

Քանաանին նաեւ յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը Իրանի դիւանագիտական ​​համակարգի եւ յարակից այլ կառոյցներու կարեւոր առաջնահերթութիւններէն է, եւ այդ խնդիրը կ՚ազդէ տարածաշրջանի անվտանգութեան վրայ։

«Օտարերկրեայ ռազմական ներկայութիւնը չի նպաստեր խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան եւ տարածաշրջանի երկիրներու շահերու ապահովման։ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ միլիթարիզմի (ռազմապաշտութեան) ուժեղացման տանող մօտեցումը կը բարդացնէ ու կը վնասէ այդ տարածաշրջանի անվտանգութեան, ինչին Իրանը դէմ է»,- շարունակած է խօսնակը։

Հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպման ապրիլ 19-ի արդիւնքները ողջունած են Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները, Եւրոմիութիւնը, ՆԱԹՕ-ն։