2021 թուականին Հայաստանի մէջ մեկնարկած «Հայահաւաք» նախագծի ծիրէն ներս այս նոյեմբերի սկիզբին Հայաստան ժամանած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ բնակող հայ ջութակահար, խմբավար «Չիլինկիրեան» լարային քառեակի հիմնադիր, Լոնտոնի Երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիայի դասախօս, Կիդհոլի երաժշտատրամաթիքական դպրոցի ջութակի եւ քամերային երաժշտութեան դասախօս, աշխարհահռչակ հայ ջութակահար՝ Լեւոն Չիլինկիրեան: Համերգը նուիրուեցաւ անոր 75-ամեակին, որ լրացաւ այս տարի: «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան մէջ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը պարգեւեց դասական երաժշտութեան հիասքանչ երեկոյ մը, որու ընթացքին իբրեւ մենակատարներ ելոյթ ունեցան Լեւոն Չիլինկիրեան եւ հայրենի ջութակահար Աստղիկ Վարդանեան, որ ուսանած է Լոնտոն՝ Լեւոն Չիլինկիրեանին քով եւ յաճախ ելոյթներ կ՚ունենայ վարպետին հետ:
Նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարը եւ գլխաւոր խմբավարը Վահան Մարտիրոսեանն է, որ երկու տարբեր սերունդի տաղանդաւոր ջութակահարներուն հետ միասին վարեց անզուգական համերգ մը: Նշենք նաեւ, որ Աստղիկ Վարդանեան Պետական սենեկային նուագախումբի առաջին ջութակահարն է, մրցոյթներու դափնեկիր, ինքն ալ ստեղծած է նուագախումբ եւ միշտ ելոյթներ կ՚ունենայ:
Լեւոն Չիլինիկիեան Հայաստանի մէջ վերջին անգամ հինգ տարի առաջ եղած էր, ուստի անոր այս այցելութիւնը սպասուած էր երաժշտասէրներու, անոր արուեստի սիրահարներու համար:
Քորոնավարակէն եւ պատերազմէն առաջ Լեւոն Չիլինկիրեան աւելի յաճախ կ՚այցելէր Հայաստան, իսկ առաջին անգամ հայրենիք եկած է 1981 թուականին, իբրեւ զբօսաշրջիկ: Յայտնի է 1989 թուականին անոր այցը Հայաստան, երբ ան օժանդակութիւն բերած էր երկրաշարժէն տուժածներուն եւ համերգներ կազմակերպելով՝ օգնած էր աղէտեալներուն:
Ատկէ ետք Լեւոն Չիլինիկիրեան զանազան երաժշտական, փառատօնային առիթներով Հայաստան կը ժամանէր, իր հետ նաեւ օտար երաժիշտներ կը բերէր՝ այդ կերպ Հայաստանը ներկայացնելով աշխարհին եւ օտարներուն: Երաժիշտը 1971 թուականին ստեղծած է եւ ցայսօր կը գլխաւորէ նաեւ «Չիլինկիրեան» քառեակը, որու ելոյթները նոյնպէս անծանօթ չեն հայաստանցի արուեստասէրին:
Անոր 75-ամեակին նուիրուած յոբելենական համերգի ընթացքին հնչեցին Պախի, Պարտոքի, Հայտընի, Պարպըրի ստեղծագործութիւնները՝ գրուած ջութակի եւ լարային քառեակի համար:
Ինք՝ երաժիշտը, ամէն անգամ հայրենիք գալով՝ անձնական երջանկութիւն կ՚ապրի, կ՚այցելէ Պետական երաժշտանոց, վարպետութեան դասեր կ՚ընէ, մրցոյթներ կը կազմակերպէ՝ միշտ քաջալերով հայրենի երիտասարդ երաժիշտները, մանաւանդ ստեղծագործողները, որոնք ջանք կը գործադրեն հեղինակային գործեր ստեղծելու: 2000 թուականին ան Երեւանի մէջ կազմակերպած է երիտասարդ ջութակահարներու հանրապետական առաջին մրցոյթը:
Հաճելի է բեմէն լսել Լեւոն Չիլինկիրեանի հայերէնը, որ անխառն է, գեղեցիկ եւ սահուն:
Ջութակահարը ծնած է Կիպրոս՝ Նիկոսիա։ Անուանի պոլսահայ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի թոռն է: Ինք ջութակ նուագել սորված է իր մեծ մօրեղբայրէն՝ Վահան Պետելեանէն, վերջինս ալ Կիպրոս փոխադրուած էր Ատանայէն:
Տասներկու տարեկանին Լեւոն Չիլինկիրեան տեղափոխուած է Մեծն Բրիտանիա, ուսանած Լոնտոնի Թագաւորական երաժշտական քոլէճին մէջ:
Մեր հայրենակից ջութակահարը «Անգլիական համերգ» ծրագրի առաջին անդամներէն է, նուագած է անոնց 1973 թուականի լոնտոնեան առաջին համերգին: Համերգային շրջագայութիւններով եղած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, թէ՛ իբրեւ մենակատար ելոյթ ունեցած է, թէ՛ լաւագոյն նուագախումբերու հետ նուագած է:
Լեւոն Չիլինկիրեան իր համերգացանկին մէջ ընդգրկած է արեւմտաեւրոպական երաժշտահաններու, նաեւ՝ Արամ Խաչատուրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, Ալան Յովհաննէսի, Սերկէյ Ասլամազեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւններէն:
1996 թուականէն ի վեր Լեւոն Չիլինկիրեան կը ղեկավարէ նաեւ շուէտական «Քա-մարատա Ռոման» լարային նուագախումբը։
Երեւանեան իր համերգի աւարտին ծրագիրէն դուրս հնչեց նաեւ 18-րդ դարու հայ բանաստեղծ, երգահան Պետրոս Ղափանցիի «Տաղ»ը՝ Դանիէլ Երաժիշտի մշակմամբ։ Լեւոն Չիլինկիրեանի 75-ամեակը հայրենիքի մէջ նշանաւորուեցաւ թէ՛ յիշարժան այս համերգով, թէ՛ «Հայահաւաք» ծրագրին անոր մասնակցութեամբ:
Ի՞ՆՉ Է «ՀԱՅԱՀԱՒԱՔ»Ը
2021 թուականէն ի վեր Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ կ՚իրականացնէ «Հայահաւաք» նախագիծը, որու ծիրէն ներս Հայաստան կը հրաւիրուին հայազգի հանրայայտ խմբավարներ, մենակատարներ, մանաւանդ անոնք, որոնք տակաւին ստեղծագործական գործունէութիւն չեն ունեցած հայրենիքի մէջ: Դուրսէն այդպիսի երաժիշտներ կը հրաւիրուին՝ համագործակցելու Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի երաժշտախումբերուն հետ կամ ալ անհատական ծրագիրներով ներկայանալու հայ հանդիսատեսին։
«Հայահաւաք» ծրագրի նպատակն է նոր թափ հաղորդել Հայաստանի մէջ մշակութային կեանքի զարգացման ու Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապին, մշակոյթով միաւորել հայութիւնը՝ անկախ զբաղմունքէն, բնակութեան վայրէն ու հասարակական դիրքէն:
Նախագիծի ծիրէն ներս այս տարի նախատեսուած է նաեւ Մարիամ Խառատեանի (դաշնամուր, Նորվեկիա), Վարվարա Մանուկեանի (տաւղալար, Գերմանիա) համերգները: Իսկ աւելի վաղ այս ծրագրով Երեւանի մէջ համերգներ ունեցած են սուրիահայ խմբավար Միսաք Պաղպուտարեան, գանատաբնակ խմբավար Նուրհան Արման, զուիցերիահայ խմբավար Լիւք Պաղտասարեան, լիբանանահայ խմբավար Կարօ Աւէսեան, ամերիկահայ խմբավար Պետրոս Շեթիլեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Ազնաւուրեան քոյրերը՝ Անի Ազնաւուրեան (թաւջութակ) եւ Մարթա Ազնաւուրեան (դաշնամուր)։
ԱՆՈՒԱՆԻ ՄԵԾ ՀԱՅՐԸ՝ ԼԵՒՈՆ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Լեւոն Չիլինկիրեան թոռն է պոլսահայ անուանի ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի: Լեւոն Չիլինկիրեան աւագը ծնած է 1862 թուականին՝ Օրթագիւղի մէջ՝ Մարտիրոս եւ Սրբուհի Չիլինկիրեաններու ընտանիքին մէջ։ Ան պատանի հասակին կորսնցուցած է ծնողքը: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Բերայի Նարեկեան, Ռուբինեան եւ Ամբրոսեան, Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարաններու մէջ։ Ընտրելով եկեղեցական երաժշտութեան բնագաւառը՝ աշակերտած է անուանի երաժիշտ Նիկողայոս Թաշճեանին:
Ուսումը աւարտելէ յետոյ՝ 19 տարեկանին, ուսուցչութիւն եւ դպրութիւն ըրած է Բանկալթի, այնուհետեւ՝ Իզմիր, ուր ապրած է շուրջ երեք տարի։ Տասներեք տարի աշխատած է Ունճեան-Էսաեան շոգենաւային ընկերութեան մէջ։ 1895 թուականին Լեւոն Չիլինկիրեան ամուսնացած է Էլպիս Աբրահամեանի հետ։ 1896 թուականի դէպքերէն ետք տեղափոխուած է Ռուսական կայսրութիւն, Պաքուի մէջ գործունէութիւն ծաւալած է երաժշտութեան ասպարէզէն ներս։
1897 թուականին Լեւոն Չիլինկիրեան վերադարձած է Իզմիր, ուր ութ տարի շարունակ աշխատած է որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ։ Այնուհետեւ տեղափոխ-ւած է Ատափազար։
Մէկ տարի անց վերադարձած է Պոլիս։ Յաջորդաբար պաշտօնավարած է Ղալաթիա, Պէշիկթաշ եւ Բերա։ Արդիւնաւէտ եղած են նաեւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ որպէս դպրապետ պաշտօնավարելու տարիները։
Լեւոն Չիլինկիրեան 1922 թուականին փոխադրուած է Երուսաղէմ, ուր գրեթէ մինչեւ իր կեանքին վերջ պաշտօնավարած է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան մէջ, որպէս դպրապետ։ Անյայտ պատճառներով որոշ ժամանակ հեռացած եւ գացած է Անթիլիաս, ուր նոյնպէս զբաղած է եկեղեցական երաժշտութեամբ եւ ուսուցչութեամբ։ Յաջորդ պատրիարքի գահակալութեան օրօք վերադարձած եւ վերջնականապէս հաստատուած է Երուսաղէմ:
Լեւոն Չիլինկիրեան հաւասարապէս կը տիրապետէր հայկական եւ եւրոպական նօթագրութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցական երգեցողութեան արուեստին։ Յօրինած է կարգ մը եկեղեցական մեղեդիներ, դպրոցական հանդիսութեան երգեր։
Յայտնի է, որ 1906 թուականին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ որպէս դպրապետ եւ Կեդրոնական վարժարանին մէջ որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ աշխատելու տարիներուն Մաղաքիա Արք. Օրմանեան Պատրիարքի քաջալերանքով արեւմտահայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ հնչեցուցած է եռաձայն պատարագը՝ երգեհոնի նուագակցութեամբ (նօթագրուած եւ հրատարակուած է)։
«Եռաձայն երգեցողութիւն Ս. Պատարագ»ի աշխատութիւնը անոր մշակմամբ, առաջին անգամ տպագրուած է 1808 թուականին՝ Իզմիր, հայկական, այսինքն՝ լիմոնճեանական ձայնագրութեամբ:
Չիլինկիրեան մահուընէ մէկ տարի առաջ Երուսաղէմի մէջ հրատարակած է «Եռաձայն երգեցողութիւն Ս. Պատարագի»ն (եւրոպական նօթագրութեամբ)՝ Ժառանգաւորացի սաներու երգեցողութեան համար։ Տպագրութիւնը կատարուած է անոր ձեռագիրէն լուսապատճէնման եղանակով։ Նախաբանին մէջ ան կը գրէ, որ պահանջարկ ունենալու հանգամանքով պայմանաւորուած՝ տպագրութիւնը կը կատարուի շուտափոյթ կերպով։ Այնուհետեւ յոյս կը յայտնէ, որ յառաջիկային վերահրատարակութեան կը պատրաստէ ժողովածուի վերջնական տարբերակը, սակայն անոր մահը կը խոչընդոտէ այդ երազանքի իրականացումը։
Երուսաղէմի մէջ ապրելու տարիներուն եւրոպական ձայնանիշերով Չիլինկիրեան նօթագրած է գրեթէ ամբողջ շարակնոցը։ Այդ կապակցութեամբ Նորայր Արք. Պողարեան այդ օրերու դպրապետ Վարուժան Մարգարեանին վկայած է. «Ան շարականները նօթագրեց, չունենալով դաշնակ իր ձեռքին տակ, որովհետեւ այդ ժամանակ ամբողջ Երուսաղէմին մէջ գէթ հատ մը դաշնակ գոյութիւն չունէր»։ Չիլինկիրեան նօթագրած է հոգեւոր թեմայով բազմաթիւ երգեր, տօնական եւ ծիսական կանոններ:
Անթիլիասի մէջ դասաւանդելուն զուգահեռ նոյնպէս զբաղած է նոյն գործով: Մահացած է 1932 թուականին, աճիւնը ամփոփուած է Երուսաղէմի Ս. Փրկիչ գերեզմանատունը։ Իր մահուընէ յետոյ, մինչեւ հիմա կը հրատարակուին եւ կը վերահրատարակուին իր աշխատութիւնները:
(Կենսագրութիւնը՝ ըստ Ուիքիփետիայի եւ սաղիմահայ տպագիր աղբիւրներու):
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐՈՒՀԻԻ ՈՒՂԻՆ
Լեւոն Չիլինկիրեանի յոբելենական համերգին ելոյթ ունեցած հայրենի ջութակահար Աստղիկ Վարդանեան երաժշտութեան մէջ իր առաջին քայլերուն սկսած է դպրոցական տարիներուն: 2005-ին աւարտած է Հայաստանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը՝ Բագրատ Վարդանեանի դասարանը: Աստղիկ Վարդանեան 1999-2000 թուականներուն ուսանած է Մարսէյլի «Փիէռ Պարպիզէ» երաժշտանոցին մէջ՝ աշակերտելով նշանաւոր հայ ջութակահար Ժան Տէր-Մերկերեանին: 2001-ին Աստղիկ Վարդանեան դարձած է Լեւոն Չիլինկիրեանի կազմակերպած ջութակահարներու համահայկական մրցոյթի առաջին մրցանակակիրը: 2005 թուականին ուսանած է Լոնտոնի Թագաւորական երաժշտական քոլէճի մէջ՝ Լեւոն Չիլինկիրեանի դասարանը, ուսման ընթացքին հանդէս եկած է որպէս քոլէճի սիմֆոնիք նուագախումբի առաջին ջութակահարը, հանդիսացած է ականաւոր խմբավար Պեռնար Հայթինկի կողմէ նուագախումբի համար ընտրուած առաջին ջութակահարը, մէկ տարի հանդիսացած է նոյն խմբավարի անունը կրող կրթաթոշակառու: 2006-ին շահած է «Մայրա Հեսսի» մրցոյթը: Վարդանեան 2005-ին հիմնած է «Վարդանեան» լարային քառեակը՝ Լոնտոնի Թագաւորական քոլէճին մէջ: «Վարդանեան» քառեակը հանդէս եկած է Անգլիոյ հանրայայտ համերգասրահներուն, ինչպէս նաեւ՝ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ: Հայազգի ջութակահարուհին 2009-2010 թուականներուն արժանացած է յատուկ լարային քառեակի «Պուլտոկ» կրթաթոշակին՝ Թրինիթի երաժշտական քոլէճի կողմէ: 2008 թուականին ջութակահարուհին Լոնտոնի մէջ երիտասարդական նուագախումբի մը մէջ աշխատած է որպէս նոյն նուագախումբի կողմէ ընտրուած առաջին ջութակահար: 2010-ին, Հայաստան վերադառնալէ յետոյ Աստղիկ Վարդանեան Երեւանի մէջ հիմնած է նոր «Վարդանեան» քառեակ: Հակառակ միջազգային ասպարէզի մէջ ունեցած բազում յաջողութիւններուն եւ յառաջընթացին՝ ջութակահարուհին վերադարձած է Հայաստան եւ կ՚աշխատի Հայաստանի մէջ:
Անուշ Թրուանց
Նիւթ՝ «Ժամանակ» , Պոլիս