image

Հայ զոհերու դիերուն հարցով Ատրպէյճան խոչընդոտներ կը ստեղծէ

Հայ զոհերու դիերուն հարցով Ատրպէյճան խոչընդոտներ կը ստեղծէ

Սեպտեմբեր 14-էն սկսեալ Ատրպէյճան տարբեր խոչընդոտներ կը ստեղծէ ատրպէյճանական վերջին բռնագրաւած գօտիէն հայ զինուորներու դիերու որոնողական աշխատանքներու համար, Թուիթըրի իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Սա հակահումանիստական (հակամարդասիրական) եւ անընդունելի պահուածք է»,-գրած է ան։

Յիշեցնենք՝ Փաշինեան ըսած էր, որ յարձակման հետեւանքով զոհերու եւ անյայտ կորսուածներու թիւը այժմ կը գերազանցէ 210-ը, որմէ՝ 3 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, 2-ը՝ անյայտ կորսուած։ Վիրաւորուած է 293 զինծառայող եւ 8 խաղաղ բնակիչ։ Անյայտ կորսուած զինծառայողներու թիւը 28 է։