Լաչինի միջանցքի շրջափակման շարունակման պարագային մարդասիրական աղէտի վտանգ կրնայ առաջանալ: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ նման մտահոգութիւն յայտնած է Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Լինտա Սանչեսը, որ օրերս հեռախօսազրոյցի ընթացքին Հայ դատի Արցախի գրասենեակի ներկայացուցիչ Գէորգ Իսքաճեանէն տեղեկացած է տիրող իրավիճակի մասին, հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը:
«Շուրջ 120 հազար հայեր զրկուած են սնունդի, վառելիքի եւ դեղորայքի հասանելիութենէն: Տարածաշրջանը ձմրան պայմաններուն մնացած է նաեւ առանց ջեռուցման եւ ելեկտրական հոսանքի: Եթէ սա շարունակուի, ապա մարդասիրական աղէտ կրնայ առաջանալ: Մենք պէտք է յստակ դարձնենք Ատրպէյճանի համար, որ հայ ժողովուրդին ուժով իրենց կամքը պարտադրելը անընդունելի է: Եւ ես վարչակազմին կոչ կ'ընեմ համոզուելու, որ Արցախի ժողովուրդին օգնութիւն պէտք է հասնի», -ըսած է քոնկրէսական Սանչեսը:
Ան նաեւ ընդգծած է Ատրպէյճանը պատասխանատւութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը:
«Այսօր իմ միտքերը անոնց հետ են, որոնք կը տառապին այս անմարդկային պայմաններուն մէջ եւ կը վերահաստատեմ իմ յանձնառութիւնը՝ այնպէս ընելու, որ Ատրպէյճանը պատասխանատւութեան ենթարկուի հայ ժողովուրդի դէմ յարձակման համար», - եզրափակած է Լինտա Սանչես: