image

Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը նոր վարչութիւն ընտրեց

Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը նոր վարչութիւն ընտրեց

Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը նոր վարչութիւն ընտրեց: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հիմնարկութեան տարածած հաղորդագրութենէն:

Հաղորդագրութիւնը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Հայ Մշակութային հիմնարկութեան տարեկան Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 20 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ։ Ներկայ էին 18 մասնաճիւղերէ 84 պատգամաւորներ։

Հայ Մշակութային հիմնարկութեան նախագահ Աւետիք Իզմիրլեան ներկայացուց հիմնարկութեան նախորդ տարեշրջանի գործունէութեան զեկուցումը՝ լուսարձակի տակ առնելով «Մէկ ազգ, մէկ դատ, մէկ ապագայ» ընդհանուր նշանաբանին տակ իրականացուած հետեւեալ իրագործումները.

– Հայ Մշակութային հիմնարկութեան մասնաճիւղերուն Հայ կեդրոններու ճամբով շարունակուող համայնքային աշխատանքերը, որոնք տեղի ունեցան նոյնիսկ համաճարակի պայմաններուն մէջ, աջակցութեան ձեռք երկարելով համայնքի կարիքաւորներուն.

– 44օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութիւն.

– Արցախի մէջ դպրոցի մը վերակառուցումը իրականացնելու նպատակով՝ նիւթական աջակցութիւն Հայ Կրթական հիմնարկութեան.

– Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնի գործունէութեան շարունակութիւն, «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբի ջանքերով.

– Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն ետք, օժանդակութիւններու տրամադրում  Լիբանանի հայութեան.

– Նիւթական աջակցութիւններ 2020ի պատերազմէն տուժած Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն.

– Հայ-ամերիկեան թանգարանի ծրագիրին աջակցութիւն՝ իբրեւ անոր հոգաբարձութեան անդամ եւ համագանձապահ.

– Հայ Մշակութային հիմնարկութեան հիմնադրութեան 45ամեակի նշում՝ 28 Օգոստոսին տեղի ունեցած ձեռնարկով, որուն ընթացքին գոյացաւ 1.1 միլիոն տոլար։

Ներկայացուեցաւ նաեւ նիւթական զեկուցումը, իսկ ժողովի աւարտին, քուէներու երկու երրորդով որոշուեցաւ վերընտրել 11 հոգինոց հետեւեալ վարչութիւնը՝ դոկտոր Քարմէն Օհանեան (ատենապետ), Սագօ Պէրպէրեան, Վահան Պզտիկեան, Շահէն Տէրտէրեան, Կարօ Իսփէնճեան, Թորոս Քէչէճեան, Արթօ Քէօլէյեան, իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, դոկտ. Յարութ Մկրտիչեան, իրաւաբան Ալիք Ուրֆալեան եւ Գօգօ Թօփալեան։

Այնուհետեւ վարչութիւնը հետեւեալ վերանշանակումները կատարեց՝ Աւետիք Իզմիրլեան (նախագահ), Արթօ Քէօլէյեան (քարտուղար) եւ Գօգօ Թօփալեան (գանձապահ)։

Հայ Մշակութային հիմնարկութեան անունով այլ ընտրութեան մը եւ մարմինի մը մասին այլ լուրեր իրականութեան չեն համապատասխաներ։

Այս առիթով, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ իրեն նեցուկ կանգնող նուիրատուներուն, անդամներուն եւ պատուիրակներուն՝ խոստանալով յաջող տարեշրջան մը բոլորել, դիմագրաւելով համայնքին եւ հայութեան դիմաց ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները։

 

ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

20 Նոյեմբեր 2022