image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած սուրբ պատարագ եւ աղօթք

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած սուրբ պատարագ եւ աղօթք

«Եթէ ունինք ընդհանուր անցեալ՝ յաճախ միեւնոյն ոճրագործին ձեռքով սպաննուած նախնիներ, ապա՝ պարտինք իրարու հետ համերաշխաբար ապրիլ՝ կերտելու համար մեր զաւակներուն լուսաւոր ապագան՝ մայրիներուն այս սուրբ Գրային երկրին մէջ՝ Լիբանանին միշտ երախտապարտ ու հաւատարիմ մնալով»

 

Կիրակի, Ապրիլ 24-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժէիթաուիի «Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի ընդարձակ շրջափակը վերածուած էր բացօթեայ եկեղեցւոյ՝ ընդունելու համար 1915-ին Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած հայասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակին առջեւ խոնարհելու եկած խուռներամ ժողովուրդը։

Պատարագին սկիզբը՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. իր շքախումբով, Պատրիարքարանէն հետիոտն ուղղուեցաւ «Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի շրջափակ, Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ուր համախմբուած էին լիբանանահայութեան բոլոր խաւերուն ու շրջանակներուն ներկայացուցիչները։

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ս. Պատարագը նախագահեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը՝ զինք շրջապատող հոգեւորականներու դասուն հետ, առընթերակայութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի եւ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Արքեպս. Խազումեանի, ինչպէս նաեւ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Մնոյեանի եւ Արժանապատիւ Տ. Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեանի։ Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին Զմմառու «Արծիւեան» Միաբանութեան Սուրբ Միքայէլ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան նորընծայարաններու ժառանգաւորները։

Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու  Միութեան նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, Սիրիաք Կաթողիկէ Պատրիարք Իկնաթիոս Եուսէֆ Եունան, Յոյն-Մելքիթ Կաթողիկէ Պէյրութի Առաջնորդ Ժորժ Եպս. Պաք’ունի, Սիրիաք Կաթողիկէ Պէյրութի Առաջնորդ Շարլ Եպս. Մրատ, Լատիններու համայնքապետ Սեզար Եպս. Էսայեան եւ NDU համալսարանի նախագահ Հայր Պշարա Խուրի, ինչպէս նաեւ գերապատիւ վարդապետներ, առաքինազարդ քոյրեր։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի։

Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան, երեսփոխաններ Ժան Թալուզեան, Յակոբ Բագրատունեան, Ալեքսանտր Մաթոսեան, Յակոբ Թէրզեան, Էտի Մաալուֆ, նախկին նախարարներ Ռեշար Գույումճեան եւ Վարդենի Օհանեան, «Ազգային Ազատ Հոսանք»ի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ Ղասսան Խուրի, Պէյրութի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Արամ Մալեան, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչ Ալեք Մուրատեան, Լիբանանի Պետական Ապահովական Մարմնի ներկայացուցիչ գնդապետ՝ Սարգիս Գարակէօզեան, դատախազ Ռոտնի Տագէսեան, թաղապետներ, պետական պաշտօնատարներ, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ, մամուլի աշխատակիցներ, հայ կաթողիկէ չորս վարժարաններու՝ Սբ. Խաչ-Հարպոյեան, Մեսրոպեան, Հռիփսիմեանց եւ Մխիթարեան վարժարաններու աշակերտական պատուիրակութիւններ, Հ.Կ.Մ.ի պատանեկան Միութիւնը եւ Սբ. Մեսրոպի Արիներ սկաուտախումբը, համայնքային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հաւատացեալ հայորդիներ։

Պատարագը ուղիղ սփռուեցան Tele Lumiere-էն, MTV-էն, LBC-էն եւ OTV-էն։

Պատարագի ընթացքին Հոգեւոր Տէրը աղօթեց անմեղ նահատակներուն հոգիներուն եւ Հայկական դատի արդար հատուցման համար։ 

Պատարագի աւարտին, Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ հանդիսաւոր թափօրով ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ նահատակներուն նուիրուած աղօթք, որուն՝ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի, Պատրիարք Եունան եւ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան։

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած սոյն ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

 

Լուրը՝ «Ռատիօ Վատիկան»էն: