image

Հայ Դպրոցին նեցուկը կը շարունակուի. Բարերար Ռաֆֆի Մանուկեան մեծագումար նուիրատւութեամբ կ՚աջակցի Մեսրոպեան Վարժարանին

Հայ Դպրոցին նեցուկը կը շարունակուի. Բարերար Ռաֆֆի Մանուկեան մեծագումար նուիրատւութեամբ կ՚աջակցի Մեսրոպեան Վարժարանին

Լիբանանահայ վարժարանները ոտքի պահելու համար տարուած ճիգերու ծիրէն ներս օրերս յուսադրիչ լուր ստացանք Պէյրութէն։

 Ազգային բարերար Ռաֆֆի Մանուկեան լիբանանեան ոսկի տրամադրած է Պէյրութի առաջատար վարժարաններէն համարուող Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին։

 

 Այս մասին ալ վարժարանի տնօրէնութիւնը տարածած է կարճ հաղորդագրութիւն մը, որ կու տանք ստորեւ՝

 

 

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով վարժարանը առանձնաշնորհումը կ՛ունենայ արժանանալու լոնտոնաբնակ պրն. Ռաֆֆի Մանուկեանի նեցուկին եւ աջակցութեան։ Պրն. Մանուկեան երկար տարիներու պատմութիւն ունի` հովանաւորելու հայ աշակերտներն ու դպրոցները Լիբանանի մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին:

 

 Արդարեւ, ընթացիկ տարեշրջանին համար, պրն. Մանուկեան 640 միլիոն լիբանանեան ոսկի տրամադրեց Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին: Այս դրամաշնորհը կը ծածկէ 202 ուսանողներու կրթավճարին երկու երրորդը:

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը վարժարանի ուսանողներուն հետ միասին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բարերարին այս օգնութեան համար, որուն նշանակութիւնը մեծ է յատկապէս Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ։