image

Հաճիեւ BBC-ն մեղադրած է «սուտ քարոզչութեան», իսկ ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը՝ «ՀՀ կառավարութենէն գումար ստանալու» համար

Հաճիեւ BBC-ն մեղադրած է «սուտ քարոզչութեան», իսկ ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը՝ «ՀՀ կառավարութենէն գումար ստանալու» համար

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, թէ իբր Հայաստանի կառավարութեան եւ հայկական լոպպիի խումբերու պատուէրով ապատեղեկատուութեան եւ շահարկումներու նոր արշաւ սկսած է: Ան այս մասին գրած է X ընկերային ցանցի իր միքրոպլոկին:

Ալիեւի օգնականը նոյնիսկ ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը մեղադրած է ՀՀ կառավարութենէն գումար ստանալու համար:

«ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը (Անտերս ֆոկ Ռասմուսէ) չի հերքեր, որ ՀՀ կառավարութիւնն իրեն կը վճարէ քարոզչական արշաւի համար։ Կցուած է եկամուտի մասին հաշուետուութեան պատճէնը: Որոշ քաղաքական գործիչներ կեղծաւորութեամբ աշխարհը կը բաժնեն «լաւ եւ վատ անջատողականներու ու յանցագործներու»։ Հին սովորութիւններէն դժուար է ձերբազատուիլ», - գրած է Հաճիեւ:

Բացի այդ, իր գրառման մէջ ան անդրադարձած է նաեւ բրիտանական BBC-ին. «Մտահոգիչ է այն, որ BBC-ն իր կանոնադրութեան մէջ կը նշէ, որ «իր բոլոր հաղորդումներուն մէջ կը ձգտի հասնիլ պատշաճ անկողմնակալութեան»։

Սակայն, ըստ Ալիեւի օգնականին, «BBC-ն կը զբաղի միակողմանի եւ կողմնակալ, յարձակողական խեղաթիւրութեամբ եւ սուտի քարոզչութեամբ»։

«BBC-ն պէտք է հարթակ ծառայէ բոլոր կարծիքներուն համար, յատկապէս զգայուն թեմաներու շուրջ», - գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ օրերս Ատրպէյճանի մամուլի խորհուրդը արձագանգած է բրիտական BBC հեռուստաալիքի` պետական կառոյցի բնորոշմամբ՝ «սադրիչ» գործունէութեան՝ յայտարարելով, որ անոր հեռարձակումը երկրի տարածքին կրնայ դադրեցուիլ:

«Վերջին օրերին BBC հեռուստաալիքը, ներառեալ՝ այս լրատուամիջոցի ատրպէյճանական ծառայութիւնը, կողմնակալ նիւթեր կը հեռարձակէ եւ կողմնակալ յայտարարութիւններ կ'ընէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ՝ միակողմանիօրէն լուսաբանելով Ատրպէյճանի ղարաբաղեան տնտեսական շրջանի առկայ իրավիճակը։

Մամուլի խորհուրդը եկած է այն եզրակացութեան, որ BBC-ի՝ անկախ Ատրպէյճանի իրողութիւններուն ներկայ մօտեցումը անցանկալի է։ Կա՛մ այս կազմակերպութիւնը պէտք է սորվի յարգել մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը  ու ինքնիշխանութիւնը՝ ներողութիւն խնդրելով եւ գործնականօրէն ապացուցելով իր անկեղծ մտադրութիւնները, կա՛մ անոր գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ պէտք է կասեցուի եւ արտօնագիրը ետ առնուի»,- եզրափակած  էր պետական կառոյցը: