image

Հասնինք Արա Խտըրեանին

Հասնինք Արա Խտըրեանին

Պէյրութահայ երիտասարդ մեր հայրենակից Արա Խտըրեան, առողջական լուրջ բարդութիւններով, օրեր առաջ փոխադրուած է հիւանդանոց։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արա Խտըրեանի հարազատներէն, որոնք նաեւ պատմեցին, թէ Արայի մօտ անցնող ամիսներուն երեւան ելած են որոշակի բարդութիւններ, որոնց հետեւանքով ան սկսած է ունենալ քալելու մեծ դժուարութիւն։

Աւելի ուշ, բժշկական երկարատեւ զննումներու աւարտին ի յայտ եկած է, որ Արան ունի արեան խնդիրներ (արեան սպիտակ գնդիկները անհամեմատ կերպով եւ աւիլով կ՚աճին, որուն հետեւանքով ալ կը խանգարուի մարմնի ամբողջ համակարգն ու արդիւնաւէտութիւնը)։ Հարազատները նաեւ նշեցին, որ Արայի առողջացման համար հարկաւոր է երկարատեւ բուժում, որ կ՚ենթադրէ մեծագումար յատկացում։

Ան օրեր առաջ ստացած է բուժման համար անհրաժեշտ առաջին սրսկումները, որոնք պիտի շարունակուին ամսական դրութեամբ։

Յառաջիկային եւս պիտի հետեւինք Արայի վիճակին մեր հետեւորդներուն յորդորելով, որ կարելիութեան պարագային իրենց նեցուկը ցոյց տան մեր հայրենակիցին։

Բարի, ճշմարտախօս, ազնիւ եւ քրիստոնէական սիրով լեցուն Արա Խտըրեանը այս օրերուն կարիքն ունի մեր նեցուկին, հասնինք անոր (օգնել ցանկալու պարագային գրել «Արեւելք»ին եւ մենք պատրաստ ենք կապ ստեղծել Արայի հարազատներուն եւ օգնութեան պատրաստ ցանկացած հայրենակիցի միջեւ)։

 Լուսանկարին մէջ Արան իր հոգատար եղբօր՝ Վաչէ Խտըրեանին հետ։ 

 Օգնենք Արա Խտըրյանին։