image

Հարաւային Կովկասը պէտք չէ վերածուի արտատարածաշրջանային երկիրներու մրցակցութեան դաշտի. Իրանի նախագահ

Հարաւային Կովկասը պէտք չէ վերածուի արտատարածաշրջանային երկիրներու մրցակցութեան դաշտի. Իրանի նախագահ

Կովկասեան տարածաշրջանը պէտք չէ վերածուի արտատարածաշրջանային երկիրներու մրցակցութեան դաշտի, առկայ հարցերը պէտք է լուծեն տարածաշրջանի երկիրները՝ առանց այլ կողմերու միջամտութեան, ըսած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցին։ Այս մասին գրած է mehrnews.com-ը:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ՚աջակցի տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ենթակառուցուածքներու բացման որեւէ տեսակի գործողութիւններու եւ հարթակի՝ յարգելով բոլոր երկիրներու ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ այդ կը համարէ արդիւնաւէտ քայլ խաղաղութեան ամրապնդման եւ հարեւաններու շահերու ապահովման ամրապնդման ուղղութեամբ»,-ըսած է Ռայիսին:

«Կովկասի նկատմամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը կայուն է: Հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ փոխադարձ շահերու ապահովման համար յարաբերութիւններու ամրապնդումը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնարար քաղաքականութիւնն է»,- ընդգծած է ան: