image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ-ի Զօրավարժութիւնները Խըրխզստանին մէջ պիտի կայացուին

ՀԱՊԿ-ի Զօրավարժութիւնները Խըրխզստանին մէջ պիտի կայացուին

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) «Անխորտակելի եղբայրութիւն» զօրավարժութիւնը, որ Հայաստանը հրաժարած է կայացնել իր տարածքին, պիտի կայանայ Ղրղզստանի մէջ:

Ինչպէս գրած է kommersant.ru-ն, այս մասին յայտնած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միասնական շտաբի ղեկավար, զօրավար-գնդապետ Անատոլի Սիտորովը։

«Ղրղզստանի Հանրապետութեան տարածքին կը նախատեսուի ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու հետ «Անխորտակելի եղբայրութիւն» համատեղ զօրավարժութիւն կայացնել, որու ընթացքին կիրականացուին ճգնաժամային գօտիին մէջ յետբախումային կարգաւորման եւ խաղաղապահ գործողութեան կայացման առաջադրանքներ»,-ըսած է ան:

Զօրավարժութիւններու ժամկէտները նշուած չեն:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «ոչ նպատակայարմար» որակած էր ՀԱՊԿ «Անխորտակելի եղբայրութիւն-2023» զօրավարժութիւններու կայացումը հանրապետութեան տարածքին։ Անոր խօսքով՝ Հայաստանը կ'ուզէ ՀԱՊԿ-ի հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները դնել համակարգային հիմքի վրայ. Բայց երբ կազմակերպութիւնը չըսեր թէ ուր կը գտնուի իր պատասխանատւութեան գօտին, սա հիմնարար խնդիր կը ստեղծէ Երեւանի համար։

Ասոր ի պատասխան ՀԱՊԿ-ի միացեալ շտաբի մամուլի քարտուղար Վլատիսլաւ Շչեկրիքովիչը յայտնած է, որ շտաբը ծրագիր կը մշակէ կազմակերպութեան անդամ միւս երկիրներու տարածքին համատեղ զօրավարժութիւններ կայացնելու համար։ Ան նշած էր, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը զեկուցած է հանրապետութեան տարածքին զօրավարժութիւններու կայացման աննպատակայարմարութեան մասին։