Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողաց կը ներկայացնենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի մամլոյ դիւանէն խմբագրութեանս ուղարկուած հաղորդագրութիւնը՝
Հայաստանեայց Ուղղափառ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Յունաստանի Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդը, ըստ կանոնագրի, այսու կը հրաւիրէ իր անդամները ներկայ գտնուելու Ընդհանուր Անդամական Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ տարածքին
(Քափատոքիաս 19, Փերիսթերի) Կիրակի 07/09/2025-ին (ըստ անհրաժեշտութեան՝ 14/09/2025-ին եւս) ժամը 11:00-15:00:
Ընդհանուր Անդամական Ժողովի օրակարգ
1. Ընտրութիւն ընտրական յանձնախումբին
2. Նոր վարչութեան ընտրութիւն
Թեկնածութիւններ։
Թեկնածութեան դիմումներ կրնան կատարել մինչեւ 04/09/2025, Հինգշաբթի օր, բոլոր անոնք որոնք։-
-Ուղղափառ քրիստոնեայ են հայկական ծագումով
-Անդամ են Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ Յունաստանի
-Յունաստանի մէջ օրինաւոր են
-Բոլորած են 18րդ տարիքը
Տեղեկութիւններ։-
210 5757 999
6949 069 977
Կարեւոր ծանուցում։-
Կը խնդրուի ունենալ որեւէ մէկ անձնագիր
Ի դիմաց Թեմական Խորհուրդի
Ատենապետուհի
Լուսածին Պէրպէրեան
Ատենադպրուհի
Սիրվարդ Աւետիսեան