Արաբական աշխարհին մէջ մեծ վարկ ունեցող հանրայայտ երգիչ՝ «Սուլթան ալ թարապ» մակդիրով ճանչցուած ՝ Ժորժ Ուասուֆի աւագ որդին փոխադրուած է հիւանդանոց։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ լիբանանեան աղբիւրներէ։
Կը հաղորդուի, որ վերջին շրջանին ամուսնական կեանք սկսած Ուատիհ Ուասուֆ կը դիմագրաւէ առողջական ծանր խնդիրներ եւ անոր մօտ նկատուած է ներքին սուր արիւնահոսութիւն։
Աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ան ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու անմիջական խնամքին տակ, սակայն մինչեւ այս պահը յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր վերջինիս վիճակին մասին։
Նշենք նաեւ, որ արմատներով Սուրիայէն եւ երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանան հաստատուած Ժորժ Ուասուֆ կը վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն եւ անոր տրուած արաբական երգի «Սուլթան» մակդիրը ան վաստակած է ամենայն արդարութեամբ, շնորհիւ իր ախորժալուր եւ ուժեղ ձայնին ու կատարման բարձր որակին։
Լուսանկարին մէջ Երգիչ Ուասուֆ, անոր որդին՝ Ուատիհ եւ հայազգի լրագրող՝ Նշան Տէր Յարութիւնեան