Օրերս Լոս Անճելըսի «Թէքէեան» մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է հանրայայտ իրաւաբան եւ մտաւորական Ռուբէն Աւշարեանի դասախօսութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ «Թէքէեան» մշակութային միութեան գործավար ՝ Մայտա Քիւրէճեանէն։
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղի վարչութիւնը՝ մօտ երկու տարուան անգործութեան շրջան մը բոլորելէ ետք, պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառաւ, վերադարձաւ հանրութեան՝ իրեն յատուկ բարձրորակ ձեռնարկներու ներկայացումով։
Առաջինը այդ ձեռնարկներուն տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնի սրահին մէջ։ Ներկայ էին մօտաւորապէս հարիւր կոչնականներ, որոնք եկած էին գաղութիս զանազան շրջաններէն։
Բանախօսն էր հանրածանօթ իրաւաբան Ռուբեն Աֆշարեանը, իսկ դասախօսութեան նիւթն էր՝ 2018-ի Լիբանանեան խորհրդարանի ընտրութիւնները։
ԹՄ Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Քարտուղար Մայտա Քիւրէճեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա հրաւիրեց Վարչութեան Ատենապետուհի Սիրան Օգնայեանը՝ որ ներկայացնէ Բանախօսը։
Օրդ. Օգնայեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իրաւաբան Աֆշարեանը, դիտել տալով որ ան իր իրաւաբանական ուսումը ստացած էր Գալիֆորնիոյ Ֆուլըրթըն քաղաքի՝ Western State University ուսումնական բարձրագոյն հաստատութենէն եւ այժմ իրաւաբանական իր գրասենեակը հաստատած էր Կլէնտէյլ քաղաքին մէջ։
Յարգելի բանախօոը մանրամասնօրէն ներկայացուց՝ սահիկներու ցուցադրութեամբ, Լիբանանի քաղաքական կեանքը 1920-էն միչեւ 2020 թուականը։ Ան յատկապէս ծանրացաւ 2018-ի խորհրդարանական ընտրութեանց եւ ներկայացուց Լիբանանի զանազան ընտրաշրջաններու յատկացուած քուէատուփերու պատկերը, ինչպէս նաեւ անոնց ընտրելու իրաւունք ունեցողներու թիւը։
Իրաւաբան Աւշարեան ցաւով նշեց որ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն միայն 27 տոկոսը մասնակցած էր ընտրութեանց, որուն որպէս արդիւնք՝ հայ պատգամաւորներուն թիւը պէտք եղածէն աւելի պակաս էր։ Ան ապա աւելցուց որ այս ընթացքով աւելի տխուր պիտի ըլլայ 2022-ի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքը՝ գէթ հայերուն համար, որոնց մեծամասնութիւնը երկրէն գաղթած էր։ Ան նաեւ նշեց որ հայկական կազմակերպութիւնները շատ ալ մտահոգ չեն երեւիր, ի տես այս խղճալի երեւոյթին։
Հետաքրքրական է գիտնալ որ Լիբանանի մէջ՝ 1920-էն սկսեալ, միայն երկու անգամ մարդահամար տեղի ունեցած է, որոնց վերջինը՝ 1932 թուականին։ Իսկ մարդահամարը շատ կարեւոր է որովհետեւ ան կ՛ստուգէ բնակչութեան կրօնական զանազան խաւերուն թիւը եւ առ այդ՝ անոնց յատկացուած աթոռները, խորհրդարանէն ներս։