image

Հանիյէի սպանութիւնը մեծ սխալ էր, այն անպատասխան պիտի չմնայ․ Փեզեշքիան

Հանիյէի սպանութիւնը մեծ սխալ էր, այն անպատասխան պիտի չմնայ․ Փեզեշքիան

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպման ժամանակ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը յայտարարած է, որ «Համաս»-ի քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութիւնը մեծ սխալ էր, ան խոստացած է անպատասխան չթողնել Իսրայէլի արարքը:

Փեզեշքիան յայտարարած է, որ Իրան կ՚ակնկալէ, որ «բոլոր իսլամական եւ ազատատենչ երկիրները դատապարտեն Իսրայէլի գործողութիւնը»: Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը դատապարտած է Հանիյէի սպանութիւնը եւ նշած, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն այդ գործողութիւնը պատերազմն ընդլայնելու նպատակով իրագործած է:

Նշենք, որ Իսրայէլ բարձր մակարդակով չէ ստանձնած «Համաս»-ի ղեկավարի սպանութեան պատասխանատւութիւնը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները գրած են, որ պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է բարձրաստիճան զինուորականներու հետ՝ քննարկելու Իրանի հնարաւոր յարձակումը, որուն ընդառաջ՝ Եոաւ Կալանթը յայտարարած է, որ Իսրայէլը պատրաստ է պաշտպանուելու եւ նաեւ պատասխանելու որեւէ յարձակման: