image

ՀԱՄԱՍ արաբական երկիրներէն խնդրած է օգնել զէնքով եւ գումարով

ՀԱՄԱՍ արաբական երկիրներէն խնդրած է օգնել զէնքով եւ գումարով

Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն ըսած է, որ Կազայի հատուածի դէմ յարձակման շարունակումը ամբողջ տարածաշրջանը դուրս կը բերէ վերահսկողութենէ։ Ան արաբական ու իսլամական երկիրներուն կոչ ըրած է զէնքով ու ֆինանսներով աջակցելու շարժման։ Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն:

«Կազայի մէջ դիմադրութիւնը կը շարունակուի.  կոչ կ՚ընեմ արաբ եւ իսլամական ազգերու ժողովուրդներուն եւ աշխարհի ազատ մարդոց այս դիմադրութեան եւ յեղափոխութեան աջակցելու՝ գումարով եւ զէնքով», -ըսած է Հանիէն:

«Ես կոչ կ՚ընեմ բոլոր նախագահներուն, առաջնորդներուն, գաղափարական առաջնորդներուն եւ կարծիք ստեղծողներուն յստակ եւ միանշանակ վերահաստատել պաղեստինեան դիմադրութեան օրինականութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀԱՄԱՍ-ի օրինականութիւնը», -աւելցուցած է ան:

Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման միջեւ պատերազմը սկսած է հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլի տարածքի վրայ հարիւրաւոր հրթիռներու արձակմամբ: Իսրայէլը յայտնած է աւելի քան 1,4 հազար զոհի մասին, Պաղեստինը զոհերու թիւը կը գնահատէ աւելի քան 7 հազար։