image

Համագործակցութեան յուշագիր «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ»-ի եւ եւ «Իմ քայլը» հիմնադրամի միջեւ

Համագործակցութեան յուշագիր «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ»-ի եւ եւ «Իմ քայլը» հիմնադրամի միջեւ

Օրերս համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Իմ քայլը» հիմնադրամի միջեւ: Յուշագրով կը նախատեսուի կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներու մէջ իրականացնել համատեղ ծրագրեր, որոնք կը բացայայտեն մեր երկրի կարեւորագոյն միջոցները՝ մարդկային դրամագլուխը: Մասնաւորապէս «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ» բարեգործական հիմնադրամը «Իմ քայլը» հիմնադրամի «Quanta» քուանթային (քանակական) եւ մեզոսքոփիք բնագիտութեան (quantum and mesoscopic physics) մագիստրոսական կրթական ծրագրին պիտի յատկացնէ 50 միլիոն ՀՀ դրամի դրամաշնորհ։

Յուշագիրը ստորագրած են «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատ» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Ստեփանեանն ու «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Մխիթար Հայրապետեանը:

 

Մագիստրոսական ծրագիրը 

«Quanta» ծրագրի նպատակն է պատրաստել բարձրորակ մասնագէտներ, որոնք կրնան զբաղիլ ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտի հիմնախնդիրներով՝ ապահովելով պետութեան անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց գիտելիքները ներդնել մասնաւոր ընկերութիւններու մէջ, իրականացնել գիտահետազօտական աշխատանքներ եւ հիմնել «սթարթափ»ներ: 

Ուսանողներուն պիտի դասաւանդեն օտարերկրացի եւ տեղացի բարձր որակաւորում ունեցող դասախօսներ առաջատար բուհերէ (MIT, University of California, Berkeley եւ այլն):

Ծրագրի շնորհիւ ուսանողները պիտի ստանան որակեալ կրթութիւն՝ ունկնդրելով օտարերկրացի եւ տեղացի բարձրորակ մասնագէտներու, պիտի պահպանեն մշտական կապ եւ շփում վերջիններուս հետ՝ համարկելով միջազգային գիտական համայնքներու հետ:

Տեղեկացանք, որ ծրագրին կրնան դիմել ինչպէս ՀՀ բոլոր համայնքներէն, այնպէս ալ արտերկիր ապրող հայազգի այն անձինք, որոնք ունին բնագիտութեան, տարրաբանութեան, քանակագիտութեան, ճարտարագիտության, համակարգչային եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառներուն մէջ առնուազն բակալավրի որակաւորում: 

Նշենք, որ օտարերկրացի համարուող, սակայն ազգութեամբ հայ ուսանողներու վարձավճարը «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամը պատրաստակամ է փոխհատուցելու՝ պայմանով, որ վերջիններս պիտի մնան Հայաստան եւ պիտի ծաւալեն աշխատանքային գործունէութիւն (այս դրոյթները կ'ամրագրուին ուսման փոխհատուցման պայմանագրին մէջ):