image

Հալէպի մէջ զոհուած Միրնա եւ Ալպէր Թէնէքէճեաններու հոգիին համար հոգեհանգիստ՝ Երեւանի մէջ

   Հալէպի  մէջ   զոհուած Միրնա եւ Ալպէր Թէնէքէճեաններու  հոգիին  համար հոգեհանգիստ՝ Երեւանի մէջ

 

Թուրքիան  հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով   հալէպի մէջ զոհուած մեր հայրենակիցներու հոգիներուն խաղաղութեան համար  հոգեհանգստեան կարգ կատարուած է Երեւանի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն կը ստանայ  համացանցէն։

 

 Կը նշուի, որ հոգեհանգստեան կարգը կատարած է  բնիկ հալէպահայ քահանաներէն  վերջերս Երեւան հաստատուած՝  Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեանը   եւ այն  տեղի ունեցած է Երեւանի կեդրոնի   Զորավոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ     մահաղէտ երկրաշարժին  հետեւանքով  Հալէպի մէջ զոհուած էին   Մայր  եւ որդի  Միրնա եւ Ալպէր  Թէնէքէճեանները, իսկ   Մեսրոպեան ընտանիքի երեք անդամները    զոհուած էին Աղէքսանտրէթի մէջ։