Ծանր հրթիռարձկումներ եղած են Հալէպի վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին համաձայն, հրթիռ մը ինկած է «Թէլէֆոն Հաուայի» շրջանին մէջ եղող «Հաթէմ Ալ Թայի» դպրոցին վրայ, որու հետեւանքով զոհուած են 4 երեխաներ եւ կան տասնեակ վիրաւորներ: Ըստ սուրիական «Սանա»ին, զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ: Հրթիռներ ինկած են նաեւ Ալ-Մանշէյէ, Շէյխ Թահա եւ Պուսթան Փաշա խաղաղ բնակչութեան շրջաններու վրայ:
Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ 10 անձեր կը զոհուին:
Ինչ կը վերաբերի հայկական թաղամասերուն, իրավիճակը կը շարունակէ մնալ զգուշաւոր եւ տեղի բնակիչներ ապահովական մտահոգութիւններով կը զգուշանան շրջագայիլ: