image

Հալէպի Ինթէրնէթը վերականգնուեցաւ

Հալէպի Ինթէրնէթը վերականգնուեցաւ

Առաւօտեան ժամերէն ի վեր առանց համացանցային կապի մնացած Հալէպ քաղաքը վերադարձած է իր սովորական հունին։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  սուրիացի լրագրող Խալէտ Իսքաֆէն։

 

 Լրագրողը նաեւ նշեց, որ այսօր առաւօտեան ժամերուն   թէքնիք մեծ խանգարում մը գրանցուած է  Դամասկոսէն Հալէպ քաղաքին   համացանց  փոխանցող  լարային համակարգին  մէջ։

 

 

 Ըստ մեր աղբիւրին մասնագիտական խումբեր ուղղուած են դէպքի վայր   վերանորոգման աշխատանքներ տանելու նպատակով եւ կարողացած են  լուծել ստեղծուած խնդիրը։

 

 Ներկայ պահու դրութեամբ Հալէպ քաղաքի համացանցայի կապը վերականգնուած է։