image

«Հալէպի Հոգետուն»ը.Մեծ վկայարան հալէպահայութեան դարաւոր ներկայութեան մասին

  «Հալէպի Հոգետուն»ը.Մեծ վկայարան հալէպահայութեան  դարաւոր  ներկայութեան  մասին

 

Այդ  իջեւանոցը կը կոչուի «Հոգետուն», որ հայերէնէ բառացի թագմանութեամբ կը նշանակէ հոգիին տուն: Ան ունի երկու դարպաս, առաջին դարպասը «Թիլէլ» թաղամասին մէջտեղի շրջանն է, որմէ «Հոգետուն»ը կ'երկարի նեղ ու ոլոր նրբանցքներով հասնելով մինչեւ «Եղեգի դարպաս»ը («Պաուապաթ ալ Քասապ»): 

Ժամանակի ընթացքին «Հոգետան» անունը փոխուած է եւ կոչուած Երուսաղէմի իջեւանոց, մինչեւ օրս փորագրութիւն կայ Թիլէլի դարպասին վրայ, որ կ'ըսէ Երուսաղէմի իջեւանոց՝ 1900 թուական, այդ անուանակոչութեան տարին է: Այս կը փաստէ թէ հայերը բնակած են Հալէպ շատ հինէն եւ ոչ միայն 1915-էն ետք:

 

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի «Հին Հալէպ» շրջանին մէջ կը գտնուին 19-րդ դարու աւելի քան 150 առեւտրական խանութներ քաղաքին հին փակ շուկային մէջ եւ պարիսպին շուրջը, այս արդէն բոլորին ծանօթ տեղեկութիւն է: 

Բայց այն որ շատեր չեն գիտեր, թէ կար նաեւ հին իջեւանոց մը այդ հին պարիսպէն դուրս, որ ճամբորդներու եւ ուխտաւորներու հանգիստի կեդրոն էր, մանաւանդ հայ ուխտաւորներու հիւրանոց, որոնք  Հայաստանէն, օսմանական վիլայէթներէն եւ Ցարական Ռուսաստանէն գալով կ'ուղղուէին դէպի Երուսաղէմ,  երթալու  Յիսուս Քրիստոսի հետքերուն ետեւէն եւ մէկ խօսքով տեսնելու ՝ «Սուրբ Երկիրը»: Այդ ուխտաւորները իրենց հետ կը բերէին վաճառքի համար ապրանքներ, ինչպէս ձեռային գեղարուեստական աշխատանքներ, արուեստի կտաւներ, զարդանախշերով զարդեր, նուռերով գծագրուած դգալներ եւ սպասք: Նռնենին  Հայաստանը խորհրդանշող ծառն է ու անոր պտուղով հայերը կը պատրաստեն զանազան ըմպելիքներ, կը չորցնեն նռան կեղեւը ու կը փշրեն գործածելու որպէս դեղ, նաեւ կը պատրաստեն յայտնի նռան թթուն: 

Այդ  իջեւանոցը կը կոչուի «Հոգետուն», որ հայերէնէ բառացի թագմանութեամբ կը նշանակէ հոգիին տուն: Ան ունի երկու դարպաս, առաջին դարպասը «Թիլէլ» թաղամասին մէջտեղի շրջանն է, որմէ «Հոգետուն»ը կ'երկարի նեղ ու ոլոր նրբանցքներով հասնելով մինչեւ «Եղեգի դարպաս»ը («Պաուապաթ ալ Քասապ»): 

Ժամանակի ընթացքին «Հոգետան» անունը փոխուած է եւ կոչուած Երուսաղէմի իջեւանոց, մինչեւ օրս փորագրութիւն կայ Թիլէլի դարպասին վրայ, որ կ'ըսէ Երուսաղէմի իջեւանոց՝ 1900 թուական, այդ անուանակոչութեան տարին է: Այս կը փաստէ թէ հայերը բնակած են Հալէպ շատ հինէն եւ ոչ միայն 1915-էն ետք:

Այս փոքրիկ իջեւանոցը կառուցուած է 1540-ին, կը բաղկանայ երկու յարկէ, վերի սենեակները կ'օգտագործուէին որպէս հիւրանոց: Մինչեւ այսօր դեռ որոշ պատերու վրայ մնացած են հայերէն փորագրութիւններ։ Մէջտեղը կար ջրհոր ուխտաւորները սպասարկելու համար, կար նաեւ փուռ, այնտեղ թխելու բոլոր տեսակի խմորեղէններ ։

Պատմական իջեւանի պատերու վիմագրութիւնները մեծամասնութեամբ յղկուած են: Ներկայիս այնտեղ կը վաճառուին ամէն տեսակի հագուստներ եւ հիւսուածեղէն, որոնք կը ծածկեն պատմական առանձնայատկութիւնները «Հոգետան» սենեակներուն, բակին եւ նրբանցքներուն: Ցաւօք սրտի այսպիսի իջեւանոց մը պէտք է վերածուեր բացօթեայ թանգարանի:

Ի դէպ, «Հոգետուն»ը կամ Երուսաղէմ իջեւանոցը ամբողջութեամբ  Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի սեփականութիւն է:

Նիւթը՝ Սաէպ Ալթունժիի դիմատետրի էջէն