image

Հակառակորդը ունի մեծ կորուստներ. ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Հակառակորդը  ունի մեծ  կորուստներ. ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ժամը 15։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին մէջ էական փոփոխութիւններ չէ կրած։ Կ'ընթանան տեղային մարտեր՝ հրետանային միջոցներու, զրահամեքենաներու եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակառակորդը ունի զրահասարքերու եւ մարդուժի մեծ կորուստներ։ Հայկական կողմէ զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տուեալները կը ճշտդուին։ Այս պահին յստակ յայտնի է 4 վիրաւորի մասին։