Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի գործի ծիրին մէջ Հաագայի դատարանը հրապարակեց որոշումը, որ կը ներկայացնենք հակիրճ.-
«Դեկտեմբեր 12-էն կապը Լաչինի միջանցքով խաթարուած է, խոչընդոտուած է Լեռնային Ղարաբաղ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ անհրաժեշտ այլ ապրանքներու մատակարարումը ինչ որ անուղղելի վնաս կրնայ պատճառել։ Դատարանը կը համարէ, որ ժամանակաւոր միջոց կիրառելն անհրաժեշտ է, դատարանը կ'արձանագրէ, որ Ատրպէյճանը պարտաւոր է ձեռնարկել իրմով պայմանաւորուած միջոցները Լաչինի միջանցքով մարդոց ու բեռներու անխափան շարժը երկու ուղղութեամբ ապահովելու համար։
Դատարանը կը համարէ, որ սննդամթերքի, դեղորայքի պակասն աննուղղելի հետեւանք կրնայ առաջացնել մարդոց կեանքին համար։
Ինչ կը վերաբերի կազամատակարարման դադրեցումներուն, ապա Հայաստանը բաւարար ապացոյց չէ ներկայացուցած կազամատակարարման խնդրի հետ կապուած, որ խոչընդոտ կը ստեղծէ Ատրպէյճանը»։
Արդարադատութեան միջազգային դատարանը մերժեց Ատրպէյճանի պահանջը ՀՀ դէմ ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ։ Դատարանը եզրակացուց, որ Կանոնադրութեան 41-րդ յօդուածով նախատեսուած ժամանակաւոր միջոցներու կիրառման պայմանները բաւարարուած չեն: