image

Գրող, կրթական մշակ՝ Թորգոմ Փօսթաճեանի կորուստը

Գրող, կրթական մշակ՝ Թորգոմ Փօսթաճեանի կորուստը

Գոյժը իմացայ Լոս Անճեըլըսի «Ասպարէզ» օրաթերթէն։ Ուրբաթ, 21 Յուլիսին մահացած էր գիրի ու կրթական մարզի վաստակաւոր սպասարկու մըն ալ` Թորգոմ Փօսթաճեանը։

Վերջին տասը-տասներկու տարիներուն իր մասին ոչինչ լսած էի, իրմէ ոչինչ կարդացած։ Ու ամէն անգամ որ յիշէի զինք, հարց կու տայի ես ինծի. «Ո՞ղջ է արդեօք…։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մահացած է արդէն ու ես չեմ լսած գոյժը…»։

Ահաւասիկ, հաստատուեցաւ անխուսափելին։ Թորգոմ Փօսթաճեան հրաժեշտ կու տար այս աշխարհին` 97 տարեկանին...։

Փօսթաճեան, աւազանի անունով` Արամ, բնիկ արաբկիրցի էր, Վանք գիւղէն (1926)։ Ընտանիքին հետ Հալէպ փոխադրուած էր 1930-ին։ Յաճախած էր Կիւլպէնկեան եւ Ուսումնասիրաց վարժարանները։ Այնուհետեւ դարձեր էր Անթիլիասի Դպրեվանքի սան` ա-ւարտելով անոր ուսման եօթնամեայ շրջանը։ Ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ` ստանալով Թորգոմ անունը։ Եղած էր գաւազանակիրը Յովսէփեանց Գարեգին Ա. կաթողիկոսին։ 1950-55 հովուական ծառայութեան կոչուած էր Ամերիկա` Պոսթըն, տեղւոյն Ս. Յակոբ եկեղեցին։

Փօսթաճեան կամովին պիտի փոխէր սակայն իր կեանքին ձեւը Ամերիկայի մէջ` հրաժարելով կուսակրօնութենէ, վերադառնալով աշխարհականութեան եւ կազմելով օրինաւոր ընտանիք մը, ի Լոս Անճըլըս։ Պիտի ունենար 3 զաւակ։ Եւ ամէնէն կարեւորն այն էր, որ հոգեւորականի սքեմը իր վրայէն հանելէ ետք` երբեք պիտի չհեռանար հայ ազգային կեանքէն։ Ընդհակառակն։ Օրինակ, երբ 60-ականներուն հիմնուիլ կը սկսէին ամերիկահայ առաջին ամէնօրեայ վարժարանները, Փօսթաճեան գլխաւոր ջատագովներէն մին կ՚ըլլար այդ շարժումին։ 1965-1974 կը վարէր տնօրէնութիւնը Ամերիկահայոց երկրորդ ամէնօրեայ դպրոցին` Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին, որուն բուն հիմնադիրն էր ինք (Հէրի Քարեանի, Ճէք Առաքելեանի եւ այլոց օժանդակութեամբ)։

Երկար տարիներ գրականութեամբ ալ զբաղեցաւ Փօսթաճեան։ Հրատարակեց, ի միջի այլոց, պատմուածքներու ժողովածու մը, որ կը կրէր (գէթ ի՛ր պարագային) յատկանշական խորագիր մը` «Սէրը եւ իր այլակերպութիւնները»...։ 70-90-ական թուականներուն աշխուժօրէն կ՚աշխատակցէր ամերիկահայ մամուլին։ Ես իր հրատարակած յօդուածներուն կը հետեւէի Գր. Շէնեանի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին էջերէն։ Բնաւ չեմ մոռնար իր պախարակական ծանր յօդուածաշարքը Վահէ Օշականի խնդրայարոյց «Թակարդին շուրջ» պատմուածքներու հատորին դէմ, զոր գայթակղալից ու մերժելի կը նկատէր...։

Մինչեւ վերջ` մնաց ջերմ ու անտեղիտալի պաշտպանը Հայց. Եկեղեցւոյ, ընդդէմ զայն թիրախ դարձնող հայ գրիչներու։ Իր «Հայաստանեայց Եկեղեցին եւ միւսները» հատորը վկայութիւնն է մեր այս հաստատումին։

Շրջան մը վարեց Ամերիկայի Հայ Գրողներու Միութեան նախագահի պաշտօնը։ Հրատարակեց գրական, յուշագրական եւ քննադատական բնոյթի տասնեակ գիրքեր, որոնց մէկ մասը տպուած է Երեւան։

Կատարեց նաեւ կարեւոր բարերարութիւն մը. Հայաստանի Արարատի մարզի Բաղրամեան գիւղին մէջ շինել տուաւ դպրոց մը, որ կը կրէ իր անունը։

Զինք անձամբ տեսայ ու իրեն ծանօթացայ Անթիլիասի մէջ, հայ գրողներու համագումարի օրերուն, շուրջ 17-18 տարի առաջ։ Երկուքով նստանք մայրավանքի բակին փայտաշէն նստարաններէն մէկուն վրայ ու զրուցեցինք համով-հոտով, հինէն ու նորէն։ Երկարօրէն պատմեց իր վարդապետութեան տարիներու դէպքերէն, յիշեց այդ շրջանի եկեղեցական ու աշխարհական երեւելի դէմքերը (Յովսէփեանց կաթողիկոս, Շահան Պէրպէրեան, Խորէն Գաբիկեան, Բիւզանդ Եղիայեան...), որոնց շունչը դեռ կը թեւածէր իր գլխուն վերեւ...։ Գեղեցիկ ձեռագրով` իմ անունին մակագրեց իր գիրքերէն մի քանին։ Աւելի ուշ` իրմէ ստացայ «Մեծերու հետ եւ մեծեր» հատորը եւս ու զայն գրախօսեցի ՀԱՍԿ-ի մէջ:

Թորգոմ Փօսթաճեանի մահով էջ մը կը փակուի ամերիկահայոց նորագոյն պատմութեան մէջ։

Երէկ` պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանն էր, այսօր` Թորգոմ Փօսթաճեանը։ Տերեւաթափը կը շարունակուի...

 

 

 Լեւոն Շառոյեան

 «Նոր Յառաջ»