Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Հայաստան ՀԱՊԿի առաքելութիւն ուղարկելու կարելիութեան մասին՝ ըսաւ, որ «գնդակը Երեւանի դաշտին մէջ է»՝ աւելցնելով, որ անոնց տեղակայման ժամկէտները կախեալ են հայկական կողմէն:
Զախարովան յիշեցուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Ռուսիա բաւարարուած է ՀԱՊԿի խաղաղապահները ընդունելու Հայաստանի շարունակական հետաքրքրութեամբ: Մոսկուա համոզուած է, որ այդ քայլը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման, եւ որ՝ Ռուսիա եւ միւս դաշնակիցները պատրաստ են անոր։
«Նման որոշումներ կը համադրուին եւ կը տրուին ՀԱՊԿի մէջ եւ կը հաստատուին բարձր մակարդակով: Երբ հայ գործընկերները պատրաստ ըլլան, կողմերը պիտի կարենան վերադառնալ կազմակերպութեան դիտորդական առաքելութեան յստակ տեսակներու ամրապնդման աշխատանքներուն», ըսաւ Զախարովա։