image

Global warming-ը լուրջ սպառնալիք

Global warming-ը  լուրջ սպառնալիք

Մենք անտեսեցինք նախազգուշացումները, եւ հիմա արդէն շատ ուշ է. համաշխարհային տաքացումը եկած է կրկնակի ուժով, եւ 2030-ին Երկրի վրայ միջին ջերմաստիճանը պիտի հասնի մինչարդիւնաբերական մակարդակէն  1,5 սէլսիոս բարձր աստիճանի, որ տասը տարիով աւելի շուտ է, քան  կը կանխատեսուէր ընդամէնը երեք տարի առաջ։ Այս մասին ըսուած է Կլիմայի փոփոխութեան գծով փորձագէտներու միջկառավարական խումբի (IPCC) հաշուետուութեան մէջ։

«Այդ հաշուետուութիւնը իրականութեան ստուգումն է»,-ըսած է Վալերի Մասոն-Տելմոթը, որ հարիւր գիտնականներու ղեկավարն էր կլիմայի վերաբերեալ հրապարակուած տեսութիւնը կազմելու ժամանակ։
 
Երկիրը առաջուանը պիտի չըլլայ հազար տարի յետոյ։ Մարդկային գործունէութիւնն այնքան փոխած է մեր մոլորակի համակարգերը, որ ծովը կը շարունակէ բարձրանալ, իսկ սառցադաշտերը կը շարունակեն հալիլ դեռ 21-րդ դարէն ետք։
 
Այս ընդհանուր հետազօտութիւնը տագնապալի պատկեր կ'ուրուագծէ ինչպէս մեր մոլորակի երկարաժամկէտ հեռանկարի, այնպէս ալ կլիմայի փոփոխութեան  կարճաժամկէտ հետեւանքներու առումով, ներառեալ առաւել արտակարգ եղանակային պայմանները։ Հանածոյ վառելիքի այրման ժամանակ մարդիկ Երկրի մթնոլորտ արտանետած են այնքան ածխաթթու կազ, որ այն պիտի շարունակէ տաքցնել մոլորակը, նոյնիսկ եթէ համաշխարհային արտանետումները այսօր հասնէին զէրոյի, գրած է BI-ն։
 
Սա Երկիրը պիտի դատապարտէ լուրջ ցնցումներու առաջիկայ տասնամեակներուն՝ ծովու մակարդակի բարձրացում, սառցադաշտերու անհետացում, զօրաւոր շոգ, հեղեղումներ, երաշտներ եւ մերձարեւադարձային փոթորիկներ։ Անոնց մէկ մասը, ինչպէս ըսուած է IPCC հաշուետուութեան մէջ, «անշրջելի պիտի ըլլան դարեր կամ հազարամեակներ»։
 
Արկտիկան արդէն կը կորսնցնէ յաւերժական սառածութիւնը՝ ընդերքի շերտը, որ մինչ այդ սառած էր ամբողջ տարին։ Այդ սառած շերտը կ'որսար բոյսերու եւ կենդանիներու ածխածինը, որոնք վերացած են վերջին հարիւրամեակներուն. մօտ երկու անգամ աւելի շատ էր ածխածինը, քան ներկայիս գոյութիւն ունի մթնոլորտի մէջ։
 
Սակայն յաւերժական սառածութեան հալման չափով այդ ածխածինը կը ցնդի մթնոլորտին մէջ, ուր կը որսայ ջերմութիւնը ու կը նպաստէ յաւելեալ տաքացման։ IPCC տուեալներով՝ ածխածինի արտանետումը յաւերժական սառածութենէն կրնայ հարիւրաւոր տարիներ տեւել։
 
Զեկոյցի համաձայն՝ Երկրի ովկիանոսներու փոփոխութիւնները նոյնպէս «անշրջելի են հարիւրամյակէ հազարամեակ մաշտապներով»։ Ովկիանոսները կը կլանեն ածխաթթու կազի արտանետումներու մօտ 31 տոկոսը, որ աւելի կը թթուեցնէ այն։ Անոնք նաեւ կը տաքնան մոլորակի մնացած մասի հետ միասին։ Աւելի տաք ջուրը պակաս թթուածին կը պարունակէ՝ միջոց, որ վճռական նշանակութիւն ունի ծովային ֆլորայի եւ ֆաունայի համար։
 
Զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ տաքացումը նաեւ պիտի նպաստէ սառցադաշտերու հալման բեւեռներու մէջ եւ լեռներու գագաթներուն տասնամեակներ, գուցէեւ հարիւրամեակներ շարունակ։ Եթէ արտանետումները շարունակեն աճիլ, որոշ օրկանական տուեալներ կը վկայեն այն մասին, որ Անթարքթիքայի սառէ ծածկոյթի հալիլը պիտի արագնայ առաջիկայ հարիւրամեակներուն։
 
Այդ ամբողջ հալող սառոյցը պիտի յանգեցնէ ծովի մակարդակի աւելի բարձրացման։ Գալիք 2000 տարիներուն ովկիանոսները կրնան բարձրանալ 72 ֆութով։ IPCC հաշուետուութեան մէջ «բարձր համոզչութեամբ» ըսուած է, որ ծովի մակարդակը «պիտի մնայ բարձր հազար տարի»։
 
Այդ հաշուետուութիւնը նոր IPCC գնահատականի առաջին մասն է։ Այն հրապարակուած է Կլազկոյի մէջ կլիմայի վերաբերեալ նախատեսուած բանակցութիւններէն երեք ամիս առաջ։ Հաշուետուութեան յաջորդ երկու մասերը կը սպասուին 2022 սկիզբը։