image
Հրատապ լուրեր:

Ղարաբաղի հարցը լուծուած չէ. Արմէն Գրիգորեան

Ղարաբաղի հարցը  լուծուած չէ. Արմէն Գրիգորեան

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած չէ, այս մասին յայտարարած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը` պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք հակամարտութիւնը լուծուած է եւ ինչպէ՞ս այս հարցը ձեւակերպուած է Փաշինեան-Փութին հանդիպման արդիւնքներով ընդունուած յայտարարութեան մէջ, բացի անկէ, որ Ատրպէյճանը կ'ըսէ, որ լուծուած է, իսկ Հայաստանը կ'ըսէ ոչ:

«Բնականաբար Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած չէ, դա արձանագրել է միջազգային հանրութեան գրեթէ բոլոր անդամները: Խօսքը նաեւ այդ փաստաթղթի մասին է, բնականաբար հիմնախնդիրը լուծուած չէ, հիմնախնդիրը լուծման անհրաժեշտութիւն ունի: Եւ մենք կարծում ենք, որ միջազգային հանրութեան աշխոյժ մասնակցութեամբ հնարաւոր է հիմնախնդիրը լուծել», ըսած է ան:

Այդ հարցին, թէ արդեօ՞ք այդ փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած է, որ ԼՂ հիմնախնդիրը լուծուած չէ, ԱԽ քարտուղարը ըսած է․«Բնականաբար փաստաթղթում, եթէ նկատի ունէք բառ առ բառ, ապա այդպիսի բան չկայ գրուած, բայց Լեռնային Ղարաբաղի մասին նշում կայ, որը նաեւ նշանակում է հիմնախնդրին անդրադարձ: Կայ նաեւ անդրադարձ 2020-ի Նոյեմբերի 9-ի, 2021-ի Յունուարի 11-ի, ինչպէս նաեւ 2021-ի Նոյեմբերի 26-ի յայտարարութիւններին, որտեղ յստակ նշուած է ԼՂ հիմնախնդրի մասին դրոյթ, եւ կարծում եմ, որ անդրադարձը աւելի լաւ կոնտեքստում կայ, եւ հիմնախնդիրը լուծուած չէ»: