image
Հրատապ լուրեր:

Ղարաբաղեան հարցով Մաքրոն քաղաքական լուծումը կարեւորած է

Ղարաբաղեան  հարցով Մաքրոն  քաղաքական լուծումը  կարեւորած է

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռուսախօսազրոյցի ընթացքին յիշեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի քաղաքական լուծման համար միջազգային համագործակցութեան կարեւորութեան մասին: Մաքրոնի եւ Փութինի հեռախօսազրոյցը կայացած է Մոսկուա Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու այցի նախաշեմին:

Էլիսեան պալատէն նշած են, որ Մաքրոնը յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է ուշադրութիւն յատկացնել տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական իրավիճակի վրայ: Ան նաեւ նշած է, որ պէտք է սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «քաղաքական լուծման» քննարկումը: «Քաղաքական գործիչներն այդ ուղղութեամբ համաձայնած են համակարգել իրենց գործողութիւնները»,-ըսուած է Ֆրանսայի նախագահի վարչակազմի հաղորդագրութեան մէջ, կը հաղորդէ RFI-ը: