image

Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի այցը՝ Հոլանտա եւ Պելճիքա

 Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի  այցը՝ Հոլանտա եւ Պելճիքա

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռի ներկայացուցիչ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան, 4 Դեկտեմբեր 2021, Շաբաթ օրը երեկոյեան ժամերուն Հռոմէն դէպի Պրիւքսէլ մեկնեցաւ Հովուական եռօրեայ այցելութեամբ համար։ Գերշ․ Սրբազան Հայրը  Պրիւքսէլի օդանաւակայանէն դիմաւորուեցաւ Կ․Պոլսի Պատրիարքական Աթոռոյն Միաբան եւ Մաստրիխտի Ս․ Կարապետ Եկեղեցւոյ Այցելու Հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Մաղաքիա Աբղ․ Պէսքիսիզեանի  ընկերակցութեամբ, Մաստրիխտի Ս․ Կարապետ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Լեւոն Սարգիսի կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախքան Նիտերլանտներ անցնելը Հոգշ․ Հայր Սուրբի եւ Ատենապետի հետ միասին այցելութիւն մը ունեցաւ Բելգիայի Լուվէն քաղաքը, ուր Հոգշ․ Հայր Մաղաքիա Աստուածաբանութեան բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Կաթոլիկ համալսարանի մէջ։ Համալսարանի Աստուածաբանութեան Բաժնի Տնօրէնութեան խնդրանքին դրականօրէն ընդառաջելով Սրբազան Հայրը յառաջիկայ ամիսներուն պաշտօնական հրաւերով մը պիտի այցելէ Լուվէնի  ուսումնական հաստատութիւն բանախօսութեան  համար։  

Նոյն օրը երեկոյեան Սրբազան Հայրը ժամանեց Մաստրիխտ քաղաք, ուր 5 Դեկտեմբեր առաւօտեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց հաւատացեալ ժողովուրդով լեցուն Մաստրիխտի Ս․Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ։ Գերշ․ Սրբազան Հօր քով Ս. Խորան սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ․ Պէսքիսիզեան եւ Բարեշնորհ Սարկաւագներ:

Սրբազան Հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին Հայոց Առաջին Լուսաւորիչներ՝ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի Տօնի առիթով իր պատգամը փոխանցեց, բնաբան առնելով Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն Ա․ թուղթի 13-րդ գլխու 1-8-րդ  համարը:

Սրբազան Հայրը, Առաքեալին խօսքերը պարզաբանելով նշեց, թէ անոնք մեզմէ ամէն մէկուն համար ուղեցոյց կ՛ըլլայ մեր կեանքը իմաստաւորելու, արժեւորելու, եւ յաւերժացնելու համար։ Ահաւասիկ՝ Պօղոս Առաքեալը կ՛ուսուցանէ, թէ մեր կեանքի ղեկաւարման կեդրոնը՝ Սէրն է: Սէր եւ սիրտ բառերու արմատը նոյնն է: Սիրտը մեր կեանքին ամենակարեւոր մասն է եւ եթէ մեր Սիրտը կանգնի կը դադրինք ապրելէ: Առանց սիրոյ մեր կեանքը խոտի կը նմանի, ինչպէս կը կարդանք Սաղմոսաց գրքի մէջ «Մարդու օրերը խոտի պէս են, ան կը ծաղկի ինչպէս վայրի ծաղիկը: Երբ քամին փչէ, ան կ’անհետանայ, նոյնիսկ անոր տեղը չի երեւիր» (Սաղ. 102:15-16): Սրբազան Հայրը իր զգացական խօսքը աւարտեց ըսելով․ «Սիրելինե՛ր, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալները եկան մեր ազգը, մեր ժողովուրդը լուսաւորելու, մեր կեանքի ճանապարը լուսաւորելու։ Այդ լուսաւոր ճանապարի վրայ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս մենք՝ իբրեւ ազգ եւ իբրեւ անհատներ, պիտի շարունակենք մեր կեանքը արժեւորել եւ իմաստաւորել:

Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարաքին Սրբազան Հայրը Ս․ Կարապետ Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին աշակերտներու կողմէ ծաղիկներ եւ հայերէնով գրուած նամակներ ստացաւ եւ յետոյ Ս․ Կարապետ Եկեղեցւոյ հաւատացեալ տիկիններու կողմէ պատրաստուած Սիրոյ Սեղանին մասնակցեցաւ։ 

Սրբազան Հայրը ճաշկերոյթին ընթացքին իր հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորական խօսքը ուղղեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, Ծխական Խորհուրդին իր օրհնաբեր այս այցելութեան առիթով։ Յատկապէս գնահատեց եկեղեցւոյ այցելու Հոգեւոր Հովուին ՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանին իր նուիրական ծառայութեան համար, մաղթելով որ Բարձրեալն Աստուած իր ծառայութեան եւ ուսումնական առաքելութեան մէջ անսասան պահէ։

Նոյն օրը, ժամը 15։00-ին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակը այցելեց Լիմպուրկի շրջանի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ. Հարրի Եպիսկոպոս Սմիիդին:

Սրբազան Հօր կ’ընկերանային՝ Հոգշ․ Տ․ Մաղաքիա Աբղ․ Պէսքիսիզեան եւ   Մաստրիխտի Ս․ Կարապետ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամ Տիար Վազգէն Սարգիս։

Հանդիպման ընթացքին Հարրի Եպիսկոպոսին վերջերս ունեցած առողջական դժուարութեան համար, Խաժակ Սրբազանը  անգլերէն լեզուով բժշկութեան յատուկ աղօթք մը կարդաց, եւ իր հոգեւոր եղբօր նուիրեց անգլերէնի թարմանուած «Նարեկ Մատեան» աղօթագիրքը: 

Շուրջ կէս ժամուան սիրալիր զրոյցէն յետոյ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ ընկերակիցները արագ ապաքինում մաղթելով Կաթոլիկ Առաջնորդ Սրբազանին, շարժուեցան դէպի Պելճիքայի Լիէժ քաղաքը, ուր Սրբազան Հայրը երեկոեան ժամը 17-ին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լիէժի հայ համայնքին համար։ 

Գերշ․ Սրբազան Հայրը Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի մէջ իր անդրանիկ այցելութիւնն էր որ կու տար Լիէժի Ս․ Ներսես Շնորհալի նորակազմ ծխական համայնքին։ Սրբազան Հօր այցելութեան նպատակն էր նաեւ մէկ տարուան համար Ս․ Ներսես Շնորհալի նորակազմ Ծխական Խորհուրդ մը նշանակել Լիէժի հայ համայնքին համար։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Ներկայ էին Հոգշ․ Տ․ Զատիկ վրդ․ Աւետիքեան, Հոգշ․ Տ․ Մաղաքիա Աբղ․ Պէսքիսիզեան, Պրիւքսէլի Սարկաւագաց դասը եւ Երգչախումբի անդամները, Պէլճիքայի Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ և Լիազօոր Դեսպան` Ազնուափայլ՝ Տիկ․ Աննա Աղաջանեանը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ 

Սրբազան Հայրը, սիրով ողջունելով ներկաներուն փոխանցեց օրուան պատգամը, եւ Պատարագէն ետք օրհնեց Ս․ Ներսես Շնորհալի եկեղեցական համայնքի նորակազմ ծխական Խորհուրդին անդամները ատենապետ նշանակելով՝ Տիար Աբել Գալստեանին։ 

Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին եղան բաժակաճառեր, երգեր եւ արտասանութիւններ: Շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած ընթրիքէն ետք Սրբազան Հօր նախագահութեանբ տեղի ունեցաւ եկեղեցական խորհուրդի ժողով: 

Յաջորդ օրը Երկուշաբթի, 6 Դեկտեմբեր առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ․ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ ՝ Նիտերլանտներ  եւ Պելճիքայի Հոգեշնորհ եւ Արժանապատիւ հոգեւորականաց դասու հետ միատեղ հոգեւորականներու ժողով մը գումարուեցաւ Մաստրիխտ Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ժողովի ընթացքին հոգեւորականներ միատեղ քննարկեցին Պելճիքայի եւ Նիտերլանտներու մէջ Հայ Եկեղեցւոյ համայնքներու կազմակերպման, երիտասարդաց եւ դաստիարակչական ծրագիրներու մասին:

Սրբազան Հայրը իր օրհութիւնները եւ հայրական յորդորները փոխանցելէ յետոյ ժողովական հայրերուն յայտնեց իր գնահատանքը իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար։