Օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեանին, օրերս, Գերմանիոյ մէջ, մասնակցութեամբ համայնքի երիտասարդներու, տեղի ունեցած է «Հաւատքի ճամբար»։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Գերմանիոյ առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն, ուրկէ ալ ստորեւ կը ներկայացնենք ներկայացուցած լրատւութիւնը։
15էն 17Մարտին, Գերմանիոյ Վալլենտար քաղաքի կաթողիկէ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմին կազմակերպած «Հաւատքի ճամբար» երիտասարդական հանդիպումը։
Թեմիս առաջնորդը՝ Սերովբէ եպս. Իսախանեանի օրհնութեամբ՝ «Հաւատքի ճամբար»ի կազմակերպչական պատասխանատւութիւնը ստանձնած էր Տիրատուր քհնյ. Սարդարեան։ Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Թեմիս հոգեւորականներ Տ․ Այգիկ Քհնյ․ Յովհաննիսեանը, Տ․ Հրաչ Քհնյ․ Բիլիջեանը եւ Տ․ Վահրիճ Քհնյ․ Բաղդասարեանը։ Ճամբարին ներկայ էր նաեւ հիւրաբար Գերմանիա գտնուող Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի միաբան հոգշ․ Տ․ Գարեգին Վրդ․ Համբարձումեանը։
«Ուղեւորութիւն դէպի հաւատքի ակունքներ» ճամբարը մասնակցող առաւել քան երեք տասնեակ երիտասարդներուն ընձեռեց բացառիկ հնարաւորութիւն՝ խորասուզուելու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հարուստ պատմութեան, անոր ուսմունքին եւ աւանդութիւններուն եւ քրիստոնէական հաւատքի հիմնակէտերուն մէջ։
Երիտասարդները առիթը ու հնարաւորութիւն ունեցան մօտէն ծանօթանալու եւ անմիջականօրէն շփուելու հոգեւորականներուն հետ, անոնց առաջնորդութեամբ զրուցելու եւ քննարկելու Աստուածաշունչին, հաւատքի, եկեղեցւոյ, մշակութային եւ հոգեւոր ինքնութեան վերաբերող հարցեր։ Այս եւ այլ հարցերու շուրջ խմբային եւ ներգործուն (interactif) քննարկումները, հոգեւոր խորհրդածութեան պահերը եւ ժամերգութիւններու մասնակցութիւնները երիտասարդներուն համար լաւ առիթ հանդիսացան խորհրդածելու հաւատքի կարեւորութեան մասին, ձեռք բերելու անձնական պատկերացումներ:
Մասնակից երիտասարդները հեռավար կապով ունկնդրեցին առաջնորդ Սերովբէ սրբազանի օրհնութեան խօսքը, ականջալուր եղան մասնակցող հոգեւորականներու խորհրդածութիւններուն` քրիստոնէութեան, անոր հիմնադրոյթներու, ընկերային ծառայութեան, եկեղեցւոյ եւ համայնքին մէջ իրենց ներգրաւուածութեան կարեւորութեան մասին, աշխուժօրէն մասնակցեցան այս եւ այլ նիւթերու շուրջ քննարկումներուն։
Այս ամէնէն բացի ճամբարը ստեղծեց հարթակ մը՝ ընկերային անմիջական շփումներու եւ մէկզմէկու հետ կապեր հաստատելու համար։
Ըստ «Հաւատքի ճամբար»ին մասնակից շատ երիտասարդներու կարծիքի, այն յաջողուած էր եւ պէտք է կազմակերպուի պարբերական յաջորդականութեամբ, քանի որ լաւագոյն առիթ ընծայեց իրենց միասին ըլլալու, սորվելու շատ նոր բաներ եւ ապրելու անմոռանալի պահեր: