image

Սայաթ Թէքիր. ««Արմէն Ճամբար»ի Հարցով Մենք Հասանք Մեր Նպատակին»

Սայաթ Թէքիր. ««Արմէն Ճամբար»ի Հարցով Մենք Հասանք Մեր Նպատակին»

«Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող  «Գամբ Արմէն»ը  պիտի  վերանորոգուի  սակայն, տակաւին  պարզ չէ, անոր օգտագործման  եղանակը»,- «Արեւելք»ին   ըսաւ «Նոր Զարթօնք»   շարժումի  պատասխանատու  Սայաթ Թէքիր:  Ան  նաեւ նշեց, որ համայնքի Պատուելիին հետ խորհրդակցած են, եւ   ըստ  նախնական որոշումի մը  աշխարհի բոլոր հայերուն համար այնտեղ կառոյց մը պիտի վերահաստատեն, անշուշտ տակաւին նիւթական մանրամասնութիւնները  յայտնի չեն: Թէքիր նաեւ նշեց, որ   «Գամբ Արմէն»ի      նորոգման  աշխատանքները  կրնայ   հոգալ   թրքական  պետութիւնը: «Առաջարկներ կան, որ պետութիւնը վերակառուցէ  շէնքը, կայ  նաեւ այլ   առաջարկ, որ մենք դրամահաւաք ընենք»: Պարզելով «Գամբ Արմէն»ի պաշտպանութեան  համար «Նոր Զարթօնք»ի   ծաւալած  գործունէութիւնը,   ան աւելցուց. «Մենք այս նախաձեռնութիւնը քաղաքական կեցուածքի  մը համար ըրինք , որպէսզի մեր կալուածները չառնեն, առաւել ուրիշ կալուածներ ալ ետ տան:  Մեր  կեցուա­ծքը քաղաքական կեցուածք  է  եւ  յաջողեցանք  մեր նպատակին մէջ»: Թէքիր նաեւ նկատել տուաւ,  որ   «Արմէն Ճամբար»ը կը պատկանի Աւետարանական եկեղեցւոյ  եւ   համայնքն է, որ  շէնքին կապակցութեամբ  վերջնական  որոշում պիտի կայացնէ:

Սայաթ  Թէքիր անդրադառնալով նաեւ   Թուրքիոյ մէջ անցնող  1 Նոյեմբերին  տեղի ունեցած ընտրութիւններուն   եւ   իր կարծիքը  տալով   քաղաքական ներկայ գործընթացներուն մասին,  յայտնեց, թէ  HDP   կուսակցութիւնը  կրնայ գործակցութիւն  սկսիլ  իշխանութիւններուն հետ եւ կառավարութիւն մտնել. «Թերեւս կարելի է միասնական  կառավարութիւն մը ստեղծել, բայց դժուար է, որովհետեւ HDP-ն  միայն քիւրտերու կուսակցութիւնը չէ,   այլ   անոր  մէջ  կան  տարբեր  խմբակցութիւններ  եւ փոքրամասնութիւն ներկայացնող  հոսանքներ, որոնց համար շատ խորթ է իշխանութիւններուն  հետ գործակցութեան մը գաղափարը»:  Աւարտին  Թէքիր  մտահոգութիւն  յայտնեց Թուրքիոյ մէջ տիրող   ընդհանուր իրավիճակին վերաբերեալ  մասնաւորաբար  նշելով, որ  երկրին  մէջ  մարդկային իրաւանց հարցերը մեծ նահանջ կ'ապրին: Նշենք, որ Սայաթ Թէքիր մեր հարցերուն պատասխանեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, ուր ան կը գտնուի    Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հրաւէրով (ANCA)`  տեղի գաղութներուն   հետ  հանդիպումներ  ունենալու նպատակով: