Օրերս Կազայի մէջ Իսրայէլի օդային հարուածը թիրախաւորած է բնակարան մը, ուր կը գտնուէր ՀԱՄԱՍ-ի զինուորական թեւին՝ «Իզզետտին ալ-Քասամ»ի խօսնակ՝ Ապու Ուպայտան։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ արաբական ԶԼՄ-ներէ։
Պաղեստինեան աղբիւր մը խօսելով «Ալ Արապիյա» կայանին, նշած է, որ հարուածինհետեւանքով սպաննուած են ոչ միայն Ապու Ուպայտան, այլեւ բոլոր անոնք, որոնք այդ բնակարանին մէջ կը գտնուէին։
Ըստ աղբիւրին հարուածին հետեւանքով սպաննուած անձի դիակը զննելէ ետք ընտանիքի անդամներն ու «Քասամ»ի պատասխանատուները հաստատած են վերջինիս մահը։
Ո՞վ էր Ապու Ուպայտան
• Խօսնակն էր ՀԱՄԱՍ-ի զինուորական թեւին՝ «Իզզետտին ալ-Քասամ»ին։
• Ծանօթ էր «Ապու Ուպայտա» կեղծանունով եւ միշտ կը յայտնուէր դիմակաւոր։
• Հմուտ կերպով կը ներկայացնէր ՀԱՄԱՍ-ը հասարակական ցանցերուն մէջ։
• Առաջին անգամ հանրային կերպով երեւցած է 2006-ին, երբ յայտարարեց ՀԱՄԱՍ-ի զինուորական գործողութեան մը մասին Ռաֆահի արեւելքը, որուն ընթացքին սպաննուեցան երկու իսրայէլացի զինուորներ եւ գերեվարուեցաւ իսրայէլան բանակի զինուոր՝ Գիլատ Շալիտը։
• Տարիներ շարունակ բազմիցս թիրախ եղած է Իսրայէլի կողմէ (2008, 2012, 2014), իսկ վերջին հարուածը մահացու եղաւ։
Իսրայէլի յայտարարութիւնը
Իսրայէլի բանակի խօսնակ Աֆիխայ Ատրոհի «X» հարթակի իր էջին վրայ գրած է, թէ կազայի մէջ թիրախ դարձած է «ՀԱՄԱՍ-ի գլխաւոր գործիչ մը»։ Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ հարուածի նպատակը եղած է «Ապու Ուպայտա»-ն։ Կան գնահատականներ, թէ սպանութեան գործողութիւնը 95 տոկոսով յաջողած է։
Իր կարգին իսրայէլացի պաշտօնատար մը նշեց․ «Եթէ Ապու Ուպայտան իսկապէս շէնքին մէջ էր, անկարելի է որ այս անգամ փրկուած ըլլայ»։
Հարուածներ Կազային
Նշենք նաեւ, որ 30 Օգոստոսի երեկոյեան, Իսրայէլի օդուժը հարուածած է Կազայի Ռիմալ թաղամասի բնակարաններ։ Մէկ հարուածի հետեւանքով սպաննուած են առնուազն 20 պաղեստինցիներ եւ վիրաւորուած՝ ուրիշներ։ Միաժամանակ, հրթիռակոծուած են նաեւ տեղահանուածներու վրանը Ռիմալ թաղամասին մէջ եւ «Շաթէ» փախստականներու ճամբարը։ Այդ հարուածներու արդիւնքով եւս առնուազն 5 պաղեստինցի զոհուած է։