Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Գրիգորի Յովհաննիսեանի, բեկանած է Աշոտ Փաշինեանի գործով մեղադրեալ Գայեանէ Յակոբեանի կալանքի դէմ անոր պաշտպաններու բողոքն ու որոշած է փոխել անոր խափանման միջոցը տնային կալանքով։ Այս մասին Tert.am-ին տեղեկացուցած է անոր փաստաբան Գէորգի Մելիքեանը։
Անոր խօսքով՝ այսօր նշանակուած էին գործով նախնական դատալսումներ, եւ նիստէն առաջ Գայեանէ Յակոբեանի խափանման միջոց կալանքը փոխուած է այլընտրանքային խափանման միջոցով։
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդին առեւանգելու փորձի համար մեղադրուող Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայող՝ Ժորա Մարտիրոսեանի մայր՝ Գայեանէ Յակոբեանը մէկ ամսով կալանաւորուած էր:
Մայիս 17-ին Աշոտ Փաշինեանը իրաւապահներուն յայտնած էր, որ Վերաքննիչ դատարանի դիմացէն կ'անցներ, երբ հանդիպած է 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն, որոնցմէ կին մը մօտեցած է իրեն, առաջարկած է նստիլ մօտակայքը կայանուած իր մեքենան, որ կարողանան հանգիստ զրուցել:
Ըստ Քննչական կոմիտէի՝ Աշոտ Փաշինեանը ցուցմունք տուած էր, որ որդեկորոյս մայր ներկայացած կինը զինք հրաւիրած է մեքենային մէջ զրուցելու, սակայն անսպասելի սկսած է այն անկանոն վարել ու նաեւ մահուան սպառնալիք հնչեցնել, որմէ ետք Աշոտ Փաշինեան, ըստ իրաւապահներու, մեքենայի ընթացքի ժամանակ դուրս նետուած ու վրաերթի ենթարկուած է ծնողներու մէկ այլ խումբի մեքենայի կողմէ։