«Մեր մաղթանքն ու փափաքը ամբողջ աշխարհին կը վերաբերի եւ այդ խաղաղութեան մաղթանքն է» իր խօսքը եզրափակած է Լեւոն Աֆէյեան։
«Անցնող երկու տարիները բաւականին դժուարին տարիներ եղան բոլորիս համար։ Եւ այսօր լիայոյս ենք, որ իրավիճակը կը բարելաւուի եւ մենք կը կարողանանք բնականոն հունով շարունակել մեր երթը». Այս խօսքերը կը պատկանին Գանատայի մէջ ՀՀ հիւպատոս ՝ Լեւոն Աֆէյեանին, որ օրերս ամանորեայ իր արձակուրդը կ՚անցնէ Անկուիլա կղզիին մէջ։
Աֆէյեան, որ կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ Գանատայի հայկական եւ տեղի շրջանակներուն մէջ իր կնոջ՝ Աննա Փափազեան-Աֆէյեանին հետ կարեւորագոյն մաղթանք մըն ալ յղած է, որ նոյնպէս կը բխի իւրաքանչիւր հայու սրտէն եւ այդ մաղթանքը ամբողջական խաղաղութեան մաղթանքն է։
«Մեր մաղթանքն ու փափաքը ամբողջ աշխարհին կը վերաբերի եւ այդ խաղաղութեան մաղթանքն է» իր խօսքը եզրափակած է Լեւոն Աֆէյեան։
Լուրը համադրաբար ՝ «Արեւելք»ի
Գանատայի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէյանի ամանորեայ մաղթանքը՝ «Խաղաղութիւն աշխարհին» pic.twitter.com/pNmzGknNcV
— arevelk.am (@arevelk1) January 4, 2023