image

Գանատայի մէջ.Երիտասարդ՝ Կարս-Արա Քուրճաքեան զոհ՝ զինեալ յարձակման

  Գանատայի մէջ.Երիտասարդ՝  Կարս-Արա Քուրճաքեան զոհ՝ զինեալ յարձակման

Թորոնթոյի մէջ (մասնաւորապէս՝ Սքարպորո  շրջան) Կարս-Արա Քուրճաքեան անունով մեր հայրենակիցը զոհ գացած է կրակոցի։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թորոնթոյի իր աղբիւրէն։

Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ մեր հայրենակիցի ընկերութիւնէն նոր դուրս բերուած ինքնաշարժը գողնալու նպատակով խումբ մը անծանօթ անձեր մօտեցած են, եւ հանդիպելով Կարսի դիմադրութեան պահ մը անց հեռացած։ Աւելի ուշ անոնք մօտեցած են Կարսի տան մօտ եղող կառատան հատուած ու կրակ բանալով ծանրօրէն վիրաւորած են զինք։ 

 Ոստիկանութեան ջոկատներ հասած են դէպքի վայր, սակայն անոնց կարելի չէ եղած փրկել Կարսի կեանքը։

Նշենք նաեւ, որ Կարս-Արա Քուրճաքեան արմատներով լիբանանահայ էր եւ եւ ունակ գործարարար տարբեր ոլորտներու մէջ։

Ոճիրին մասին նոյնպէս գրած են Թորոնթոյի մի քանի թերթեր ցաւելով եղածին համար ու նշելով, որ անցնող տարուամ ընթացքին այս ոճիրը թիւով 70-րդն է, որուն ընթացքին յանցախումբեր կը փորձեն նոր ինքնաշարժներ թալանել։

 Հանգուցեալ Կարս-Արա Քուրճաքեան 34 տարեկան էր։