image

Գանատայի Հայոց Թեմ. Գումարուած է Թեմի նորընտիր կրօնական ժողովի անդրանիկ նիստը

Գանատայի Հայոց Թեմ. Գումարուած է Թեմի նորընտիր կրօնական ժողովի անդրանիկ նիստը

Գանատայի Հայոց Թեմի նորընտիր Կրօնական Ժողովը գումարած է իր անդրանիկ լիակատար նիստը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովը 2024-2025 թուականի անդրանիկ լիակատար ժողովը՝ նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիակոպոս Չարեանի, տեղի ունեցաւ 16 Մայիս 2024-ին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս եւ առցանց։

Կրօնական Ժողովը նկատի ունենալով Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի (3-4 Մայիս) առաջարկներն ու թելադրանքները, ծրագրեց 2024-2025 տարեշրջանի իր եկեղեցաշէն աշխատանքները։