image
Հրատապ լուրեր:

Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակած «Բարե՛ւ … Ես գիրքն եմ» դասագիրքը կը հովանաւորէ Բաստրմաճեան Հիմնադրամը

Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակած «Բարե՛ւ … Ես գիրքն եմ» դասագիրքը կը հովանաւորէ Բաստրմաճեան Հիմնադրամը

Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը Գանատայի տարածքին գործող Ամէնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններուն համար հրատարակած է գունագեղ ու պատկերազարդ դասագիրք մը՝ «Բարե՛ւ … Ես գիրքն եմ» անունով։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի ՀՅԴ Օրկան՝«Հորիզոն»էն։

Ստորեւ հրապակարակուած տեղեկատւութիւնը՝

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մեկենասութեամբ Բաստրմաճեան Հիմնադրամին, Գանատայի տարածքին գործող Ամէնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններուն պիտի տրամադրուի գունագեղ ու պատկերազարդ դասագիրք մը՝ «Բարե՛ւ … Ես գիրքն եմ» անունով։

Սոյն հրատարակութիւնը նախատեսուած է նախակրթարանի աշակերտներու տարիքին համար, ուր մատչելի լեզուով եւ ուսուցողական զանազան խաղերով՝ երկխօսութեամբ մը երեխան կը մտերմացէ գիրքի հարուստ աշխարհին հետ։

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Բաստրամճեան Հիմնադրամին, որ մեկենասը դարձաւ այս հրատարակու-թեան, հաւատալով նախաձեռնութեան կարեւորութեան եւ կարիքին։ Հիմնադրամի նպատակներէն մէկն է՝ քաջալերել գաղութի հայկական ուսումնական, մշակութային եւ ընկերային կառոյցներու ծրագիրները եւ առ այդ հարմար նկատեց ընդառաջել ներկայացուած նպաստի առաջարկին։

Ազգային Առաջնորդարանը համոզուած է, որ այս հրատարակութիւնը իր գրաւիչ ու հարուստ բովանդակութեամբ, լաւագոյն օժանդակ գիրքը կրնայ հանդիսանալ մեր դպրոցներէն ներս՝ հայեցի ուսուցումը առաւել մատչելի եւ հետաքրքրական դարձնելու համար։